Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարի Պնդմամբ՝ Ապրիլեան Պատերազմին «Յաջողութեան Հասած էն» Ռուսական Զէնքի Շնորհիւ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարի Պնդմամբ՝ Ապրիլեան Պատերազմին «Յաջողութեան Հասած էն» Ռուսական Զէնքի Շնորհիւ

by MassisPost

Ատրպէյճանին շուրջ 5 միլիառ տոլարի ռուսական սպառազինութիւն մատակարարելու պայմանագիրն արդէն իրականացուած է 90 տոկոսով: Այդ մասին ռուսաստանեան «Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան յայտնած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, ընդգծելով, թէ «նաեւ այդ զինամթերքի շնորհիւ է, որ Ատրպէյճան յաջողութեան հասած է անցեալ տարուայ ապրիլեան պատերազմին»:

Տարիներ առաջ կողմերը զէնք-զինամթերքի մատակարարման ոլորտին մէջ խոշորածաւալ պայմանագիր կնքած էին, որով Մոսկուա պարտաւորուած էր Ատրպէյճան ուղարկել Т-90 տիպի 100 թանկ, 100 BMP-3 զրահամեքենայ, «Սմերչ» համազարկային կրակի հակազդեցիք համակարգեր ու «Մսթա-Ս» կայանքներ: «Ժամանակակից այդ զէնքերը շատոնց Ատրպէյճան բերուած են եւ բարեյաջող կը կիրառուին», – նշած է Հասանով, Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին 4 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հարցազրոյց տալով օտարերկրեայ լրատուամիջոցին՝ ռուսական գործակալութեան:

Ծաւալուն զրոյցի ընթացքին ազերի նախարարը պնդած է նաեւ, թէ Պաքու հակահրթիռային զէնք ունի, որ «կրնայ կործանել Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական «Իսկանդեր»ը»: «Ես՝ որպէս Պաշտպանութեան նախարար, կը յայտարարեմ, որ մենք ունինք հակազդեցութեան համակարգ, մենք կրնանք կործանել այդ հրթիռները: Մենք նոյնպէս ունինք հրթիռներ՝ 50 անգամ աւելի շատ: Ես ամբողջական պատասխանատուութիւն կը կրեմ իմ ըսած խօսքերուս համար», – յայտարարած է Ատրպէյճանի Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը, աւելցնելով, որ այդ հրթիռներն Ատրպէյճան ձեռք բերած է ոչ Ռուսիոյ մէջ, որակով, սակայն, անոնք ռուսականէն վատ չեն:

Հասանով նշած է, որ Պաքու հետաքրքրուած է եւ կ’ուզէ Ռուսիայէն զէնքերու նոր խմբաքանակ ձեռք բերել, սակայն հրաժարած է մանրամասնել, թէ ինչպիսի եւ որքան: Անոր փոխարէն հաստատած է, որ շփման գիծին վրայ իրավիճակը երթալով կը լարուի, բանակցութիւններն արդիւնք չեն տար, բան մը, որ անընդունելի է Ատրպէյճանի համար:

«Վերջին տարիներուն ռազմական գործողութիւններու գօտիին վրայ իրավիճակը երթալով կը սրուի, պատճառը մէկն է՝ ատրպէյճանական հողերու գրաւումը, քանի դեռ երկու հակառակորդ բանակներ կանգնած են իրար դիմաց, թէժացումն անխուսափելի է», – յայտնած է Զաքիր Հասանով:

«Կը կարծէք, որ ղարաբաղեան խնդիրը պիտի լուծուի ռազմակա՞ն ճանապարհով», – ռուս լրագրողի հարցին ի պատասխան ըսած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարը. – «Ես քաղաքական գործիչ չեմ, իմ երկիրս հաւատարիմ է խնդրի խաղաղ կարգաւորման, սակայն այդ չի նշանակեր, որ բանակցութիւնները պէտք է անվերջ ըլլան, իսկ անոնք արդէն շատ ձգձգուած են: Բանակցութիւնները յանուն բանակցութիւններու ոեւէ մէկուն պէտք չեն, բացի անկէ, նայեցէ’ք ձեր շուրջը՝ միջազգային օրէնքներն արդէն չեն աշխատիր, բոլորը իրենց յոյսը կը դնեն ուժի վրայ, եւ, բնականաբար, մենք պէտք է արձագանգենք անոր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment