Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Անգարա 2,5 Միլիառ Տոլար Պիտի Վճարէ Ռուսական C-400 Համակարգեր Ձեռք Բերելու Համար

Անգարա 2,5 Միլիառ Տոլար Պիտի Վճարէ Ռուսական C-400 Համակարգեր Ձեռք Բերելու Համար

by MassisPost

«Bloomberg» գործակալութիւնն ընդգծած է, որ Թուրքիոյ համար սկզբունքային է ոչ միայն բուն սպառազինութիւնը, այլեւ ձեռք բերուելիք տեխնոլոկիաները, բան մը, որ ապագային ինքնուրոյն կերպով նման համակարգ արտադրելու հնարաւորութիւն պիտի տայ այդ երկրին:

Թուրքիա համաձայնած է 2,5 միլիառ ԱՄՆ տոլար վճարել ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան C-400 համակարգեր ձեռք բերելու համար: Յղում կատարելով թրքական «բարձրաստիճան աղբիւր»ին, այս մասին գրած է «Bloomberg» գործակալութիւնը։ Գործարքով նախատեսուած է Անգարային երկու C-400 համակարգերու տրամադրում, եւս երկուքի արտադրութեան կազմակերպում  Թուրքիոյ մէջ։ Այսինքն, խօսքը ոչ միայն այդ համակարգերը, այլեւ անոնց պատրաստման տեխնոլոկիան ձեռք բերելու մասին է:

Ռուս փորձագէտ Կոնստանթին Մաքիենքօ «Ռոսիյսքայա կազեթա»ին յայտնած է, թէ այս գործարքով Թուրքիա ցոյց կու տայ իր հիասթափութիւնը ՆԱԹՕ-էն եւ Միացեալ Նահանգներէն: «Սակայն քանի դեռ վաճառքի պայմանագիրը չէ ստորագրուած, այդ մասին խօսիլը դեռ շուտ է»,- նշած է փորձագէտը:

Խնդիրն այն է, որ հակահրթիռային պաշտպանութեան ռուսական համակարգերը համատեղելի չեն ՆԱԹՕ-ի ուժերուն մէջ օգտագործուող համակարգերուն հետ: Ըստ այդմ, անոնց վրայ չեն կրնար տարածուիլ այն սահմանափակումները, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը կիրառէ Հիւսիս-աթլանթեան դաշինքը: Օրինակ՝ ռուսական համակարգերը կրնան տեղադրուիլ ե՛ւ Հայաստանի հետ սահամանին, ե՛ւ էկէյեան ծովի ափին՝ Յունաստանի հետ սահմանին, մինչդեռ ՆԱԹՕ-ի համակարգերու տեղադրման պարագային որոշակի սահմանափակումներ կը գործեն։ «Ռուսիոյ հետ համաձայնագիրը թոյլ կու տայ մեզի հակահրթիռային եւ հակաօդային պաշտպանութեան այդ համակարգերը տեղադրել այնտեղ, ուր մենք կը ցանկանք»,- «Bloomberg»ին յայտնած է թուրք պաշտօնեան։

Գործակալութիւնն ընդգծած է, որ Թուրքիոյ համար սկզբունքային է ոչ միայն բուն սպառազինութիւնը, այլեւ ձեռք բերուելիք տեխնոլոկիաները, բան մը, որ ապագային ինքնուրոյն կերպով նման համակարգ արտադրելու հնարաւորութիւն պիտի տայ այդ երկրին: Ռուս փորձագէտը, մինչդեռ, այդ առնչութեամբ նկատել տուած է, որ Թուրքիա պէտք է միլիառներ ծախսէ՝ ռուսական համակարգերն ինքնուրոյն արտադրելու համար․ «Անոր համար հարկ է ստեղծել լիովին նոր ոլորտ»։

«Bloomberg» յիշել տուած է նաեւ, որ աւելի վաղ Թուրքիա կը ցանկար հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգ գնել Չինաստանէն, սակայն «ամերիկացիներու ճնշման տակ» հրաժարած է գործարքէն։ Ռուս մասնագէտներու գնահատմամբ, C-400-ը  այնպիսի համակարգ է, որ կը վերահսկէ բոլոր յայտնի հրթիռներու թռիչքը մինչեւ 800 քմ շառաւիղով, եւ կրնայ միաժամանակ թիրախաւորել շուրջ 80 թռչող մարմին: Մինչեւ օրս Ռուսիա C-400 համակարգ վաճառած է միայն Չինաստանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment