Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցեղասպանութիւնը Պէտք է Քննարկուի Ոչ Թէ Օտար Երկիրներու, Այլ Նոյն Ինք Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ. Կարօ Փայլան

Ցեղասպանութիւնը Պէտք է Քննարկուի Ոչ Թէ Օտար Երկիրներու, Այլ Նոյն Ինք Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ. Կարօ Փայլան

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է քննարկուի ոչ թէ օտար երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ, այլ նոյն ինք Թուրքիոյ Մեծ Ժողովին մէջ: Այս մասին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթին յայտնած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդա-դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:

«Այդ յանցանքները տեղի ունեցած են Թուրքիոյ մէջ եւ պէտք է քննարկուին Մեճլիսին մէջ… Մեր ցաւերն այսօր Մեճլիսին մէջ չեն քննարկուիր, այդ իսկ պատճառով կը դառնան այլ երկիրներու խորհրդարաններու քննարկման առարկան, եւ եթէ այս առաջարկն ալ ընդունուի, այս այսպէս ալ պիտի շարունակուի», – հաստատած է ան:

«Այն յանցանքները, որոնք տեղի ունեցած են Թուրքիոյ մէջ, անոնց մասին պէտք է խօսուի եւ պէտք է խօսուի նոյն ինք խորհրդարանին մէջ: Քանի որ անոնց մասին, մեր ցաւերուն մասին չեն խօսիր, չեն քննարկեր Թուրքիոյ Մեծ Ժողովին մէջ, այդ քննարկման առարկայ կը դառնայ այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ»,-յայտարարած է Փայլան եւ աւելցուցած, որ եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն», «Քիւրտիստան» եզրերն օգտագործելու համար դրամական տուգանքներ կիրառելու վերաբերեալ առաջարկուող փոփոխութիւնն ընդունուի, ուրեմն Հայոց Ցեղասպանութեան թեման պիտի շարունակուի քննարկման առարկայ ըլլալ այլ պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ:

Փայլան ընդգծած է, որ իրենց կուսակցութիւնը պիտի պայքարի այդ առաջարկին դէմ: Անոր դէմ է նաեւ խորհրդարանի միւս ընդդիմադիր ուժը` ժողովրդա-հանրապետականները:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն», «Քիւրտիստան» եզրերն օգտագործելու համար դրամական տուգանքներ կիրառելու վերաբերեալ առաջարկուող փոփոխութեան նպատակն է կտրել ընդդիմութեան ձայնը եւ ապահովել նախագահական պալատէն եկած հրահանգներու առաւելագոյնս արագ օրինականացումը, յայտնած է Կարօ Փայլան:

«Այս փոփոխութիւնն ալ աւելի անկարեւոր պիտի  դարձնէ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը: Մեճլիսը պիտի վերածուի Պալատի նոտարի»,- յայտարարած է Փայլան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի կանոնակարգին մէջ անակնկալ դրոյթներ յայտնուած են. մասնաւորապէս, պատգամաւորներն այսուհետեւ կրնան տուգանուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար:

Ըստ այդմ, նշուած է, որ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան եւ դաշնային «Ազգային Շարժում» կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած է երկրի խորհրդարանին մէջ պատգամաւորներու վարքի, նիստերու կանոնակարգի ու արտաքին տեսքի հետ կապուած փոփոխութիւններու փաթեթ:

Անոնց շարքին կայ նաեւ թուրք ժողովուրդի պատմութիւնն ու Թուրքիա ապրող ժողովուրդներու ընդհանուր անցեալը վիրաւորելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու պարագային պատժամիջոցներ կիրառելու դրոյթները: Մասնաւորապէս, նման պարագայի պատգամաւորները կրնան նիստերէն հեռացուիլ եւ զրկուիլ աշխատավարձի 2/3-էն:

Այս դրոյթը կը թիրախաւորէ նոյն ինք 1915 թուականի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» կոչելու պատգամաւորներու փորձերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment