Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ռուսական Զէնքի Մատակարարումները Ատրպէյճանին 90%-ով Իրականացուած են

Ռուսական Զէնքի Մատակարարումները Ատրպէյճանին 90%-ով Իրականացուած են

by MassisPost

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով «ՌԻԱ Նովոսթի»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ատրպէյճանական զինուժը հակահրթիռային զէնք ունի, որ կրնայ հարուածել Հայաստանի մէջ տեղակայուած «Իսկանդեր» համալիրները:

Հասանով նշած է, որ հակառակ անոր, որ այդ հրթիռները Ռուսիայէն չեն գնած, սակայն անոնք որակով չեն զիջիր:

Խօսելով ռուսական սպառազինութեան մատակարարման մասին, Հասանով ըսած է, որ «Սմերչ», «Մսթա-Ս» զէնքերու, թանկերու մատակարարումն իրականացուած է 90%-ով:

«Պայմանագիրը 90%-ով կատարուած է: Մենք վճարած ենք, մնացած են մանրուքներ: Այդ բոլորը շատոնց եւ յաջողութեամբ կը կիրառուի Ատրպէյճանի մէջ», – յայտնած է ազերի նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment