Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան Այցելած է Տաւուշի Սահմանագօտիի Մարտական Դիրքերէն Մէկը

Սերժ Սարգսեան Այցելած է Տաւուշի Սահմանագօտիի Մարտական Դիրքերէն Մէկը

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցով մեկնած է Տաւուշի մարզ:

Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքէջին, Սերժ Սարգսեան այցելած է հիւսիս-արեւելեան սահմանագօտիի մարտական դիրքերէն մէկը, շրջած մարտական յենակէտին մէջ եւ ծանօթացած ծառայութեան իրականացման ու զինուորներու կենցաղային պայմաններուն, երկրաչափական եւ ամրաշինական կառոյցներու, մարտական պատրաստակամութեան վիճակին:

«Հանրապետութեան Նախագահը նուէրներով խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած  խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի պաշտպաններուն, անոնց յաջողութիւն ու բարի ծառայութիւն մաղթած եւ ընդգծած, որ անոնց բարեխիղճ ծառայութիւնը մեծապէս կը գնահատուի եւ անոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը կը կարողանայ հանգիստ ապրիլ, աշխատիլ եւ զարգացնել մեր հայրենիքը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ մասնակցած է Իջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասի նոր մշտական տեղակայման վայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, ուր ելոյթներով հանդէս եկած են պաշտպանութեան նախարարը, զօրամասի հրամանատարը, ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդը, պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներէն մէկը:

Նորակառոյց զինաւանի բացման նուիրուած հանդիպումէն եւ հանդիսաւոր երթէն ետք նախագահը շրջայց կատարած է զօրանոցին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, զրուցած անձնակազմին հետ եւ զինուորական ճաշարանին մէջ ճաշած զինուորներու եւ հրամանատարներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment