Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանները կը Դիմեն Եւրոպական Դատարան՝ «Սասնայ Ծռեր»ու «Անվտանգութիւնն Ապահովելու Համար»

Պաշտպանները կը Դիմեն Եւրոպական Դատարան՝ «Սասնայ Ծռեր»ու «Անվտանգութիւնն Ապահովելու Համար»

by MassisPost

«Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամներէն 4-ին նկատմամբ դատարանի շէնքին մէջ բռնութիւններ գործադրելու միջադէպին հետ կապուած, պաշտպանները մտադիր են դիմել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

Ինչպէս «Ազատութեան» այսօր յայտնած է բռնութեան ենթարկուած մեղադրեալներէն Արայիկ Խանդոյեանի պաշտպան Արայիկ Պապիկեան, անհրաժեշտ փաստաթուղթերու փաթեթն արդէն իսկ պատրաստ է եւ մօտ օրերս պիտի ուղարկուի Ստրասպուրկ: Փաստաբանին խօսքով, հաշուի առնելով գործի հրատապութիւնը, «ՄԻԵԴ»ին պիտի խնդրեն, որ գործը քննեն արագացուած կարգով:

Գանգատին մէջ փաստաբանները կը պնդեն, որ խախտուած են Եւրոպական համաձայնագրի երկու յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին խոշտանգման արգելքին եւ արդար դատաքննութեան իրաւունքին: Արայիկ Պապիկեանին խօսքով, իրենք պիտի դիմեն «ՄԻԵԴ», այդ կերպով իրենց պաշտպանեալներու անվտանգութիւնն ապահովելու համար:

«Հրատապութիւնը մի քանի հանգամանքով է պայմանաւորուած: Առաջին՝ մենք չենք կարող բացառել, որ մեր պաշտպանեալների նկատմամբ բռնութիւնները չեն կրկնուի: Երկրորդ՝ նրանց բուժօգնութեան առումով պետութիւնն ուղղակի թերացել է, ըստ էութեան անգործութեան են մատնուել: Արայիկ Խանդոյեանին բժիշկն այցելել է [միջադէպից] աւելի քան 1 շաբաթ յետոյ:

Այս բոլոր փաստերն ու հանգամանքները վկայում են, որ ներպետական ատեաններում դրական լուծումներ ակնկալելն ըստ էութեան միամտութիւն կը լինի, եւ յոյսով ենք՝ ՄԻԵԴ-ը հնարաւորինս շուտ կ’արձագանգի մեր ներկայացրած գանգատին»,- յայտնած է փաստաբան Արայիկ Պապիկեան:

Ան նշած է նաեւ, որ բացի այս դիմումէն, այլ գանգատներ ալ պիտի ներկայացնեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Նշենք, որ Ստրասպուրկի մէջ «Սասնայ Ծռեր»ու գործով արդէն քանի մը դիմումներ կան: Անոնցմէ մէկն արդէն վարոյթ ընդունուած է:

«Սասնայ Ծռեր» խումբէն Արամ Յակոբեանի փաստաբան Դաւիթ Գիւրջեան «Ազատութեան» յայտնած է, որ «ՄԻԵԴ» վարոյթ ընդունած է Յակոբեանի կալանքի իրաւաչափութեան հարցով գանգատը: Յակոբեան արդէն քանի մը ամիս է, որ ՔԿՀ-ի «Դատապարտեալներու հիվանդանոց»ը կը գտնուի: Անոր հարցով դիմումը, ըստ փաստաբանին, «ՄԻԵԴ»ի կողմէ պիտի քննուի յառաջիկայ ամիսներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment