Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թիլլերսընի Հետ Հանդիպման Ժամանակ Ալիեւ Դժգոհած է «Հայաստանի Վերջին Գործողութիւններէն»

Թիլլերսընի Հետ Հանդիպման Ժամանակ Ալիեւ Դժգոհած է «Հայաստանի Վերջին Գործողութիւններէն»

by MassisPost

Ալիեւ – Թիլլերսըն հանդիպումը կայացած է Համաշխարհային նաւթային 22-րդ քոնկրէսի ծիրին մէջ, որուն կը մանակցին ուժանիւթի ոլորտի առաջատար երկիրներն ու ընկերութիւնները:

Ինչպէս կը յայտնէ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտանական կայքէջը, Իլհամ Ալիեւ այսօր Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարին հետ քննարկած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնն ու դժգոհած Հայաստանի վերջին գործողութիւններէն:

«Ատրպէյճանի նախագահը եւս մէկ անգամ ներկայացուցած է պաշտօնական Պաքուի դիրքորոշումը ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցած է պետքարտուղարին շփման գիծին վրայ Հայաստանի վերջին սադրիչ գործողութիւններուն վերաբերեալ», – կը նշէ Ալիեւի մամլոյ ծառայութիւնը:

Թիլլերսընի արձագանգին վերաբերեալ ատրպէյճանական աղբիւրները մանրամասներ չեն հաղորդեր: Նշուած է միայն, որ պետքարտուղարը բարձր  գնահատած է Ատրպէյճանի դերը Աֆղանիստանի խաղարարար առաքելութիւններուն մէջ, եւ ընդգծած Պաքուի կարեւորութիւնը տարածաշրջանի ուժանիւթային ծրագիրերուն մէջ:

Ուժանիւթի ոլորտէն պետական ասպարէզ եկած Թիլլերսըն, ըստ Ատրպէյճանի նախագահական նստավայրին, պնդած է նաեւ, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աջակցիլ «Հարաւային կազային միջանցք» ծրագրի իրականացման, որով կը նախատեսուի երեք տարի անց արդէն ատրպէյճանական կազը Թուրքիոյ տարածքով հասցնել Եւրոպա:

Ատրպէյանի առաջնորդէն բացի, պետքարտուղարը երէկ առանձնազրոյց ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Հանդիպումը տեւած է մօտ երկու ժամ: Պաշտօնական աղբիւրները մանրամասներ չեն հաղորդեր, սակայն, թրքական լրատուամիջոցները, յղում կատարելով  իրենց դիւանագիտական աղբիւրներուն, կը նշեն, թէ Էրտողան Ուաշինթընէն կրկին պահանջած է դադրեցնել Սուրիոյ քիւրտ զինեալներուն տրամադրուած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ արտայանձնել Ֆեթուլլահ Կիւլէնը, որ Թուրքիոյ մէջ կը մեղադրուի անցեալ տարուայ յեղափոխութեան փորձը կազմակերպելու մէջ:

Պետքարտուղար Թիլերսըն, հրապարակաւ ընդունած է, որ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն կայ: «Մենք, սակայն, սկսած ենք շտկել իրավիճակը», – ըսած է ան Թուրքիոյ մէջ աշխատող ամերիկացի դիւանագէտներուն հետ հանդիպման ժամանակ:

«Ես շուրջ վեց ժամ բանակցած եմ Թուրքիոյ նախագահին հետ երեք տարբեր հանդիպումներու ժամանակ, եւ կը կարծեմ, որ ամէն հանդիպման մեր միջևեւ մթնոլորտը բարելաւուած է նախորդին համեմատ: Կը կարծեմ, որ մենք սկսած ենք վերականգնել այն վստահութիւնը, զոր կորսնցուցած էինք իրար նկատմամբ. անոնք մեր նկատմամբ կորսնցուցած էին վստահութիւնը, մենք՝ անոնց: Հիմա, կը կարծեմ, որ մենք շատ եռանդուն կերպով կ’աշխատինք այդ վստահութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ, որ հենքն է որեւէ յարաբերութեան»:

Ամերիկացի դիւանագէտներու հետ հանդիպման ժամանակ Թիլլերսըն  քանի մը անգամ շեշտած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները չափազանց կարեւոր են Ուաշինկթընի համար: Թերեւս տարաձայնութիւնները մեղմելու նպատակով Նաւթային քոնկրէսի բացման Միացեալ Նահանգներու թիւ մէկ դիւանագէտը որոշած էր անդրադառնալ Էրտողանին համար ամենացաւոտ հարցերէն մէկուն՝ անցեալ տարուայ յեղափոխութեան փորձին՝ ըստ էութեան, աջակցութիւն յայտնելով գործող վարչակազմին․ – «Ես, մենք բոլորս Սթանպուլ կը գտնուինք վճռորոշ պահու: Մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ Թուրքիոյ ժողովուրդը՝ խիզախ կիներ ու տղամարդիկ, դիմակայեցին յեղափոխութեան փորձի կազմակերպիչներն ու պաշտպանեցին իրենց ժողովրդավարութիւնը: Օգտագորելով այս պահը՝ կը գնահատեմ անոնց խիզախութիւնն ու յարգանքի տուրք կը մատուցեմ 2016-ի 15 Յուլիսի զոհերու յիշատակին: Այդ օրը Թուրքիոյ ժողովուրդը ի գործ դրաւ Սահմանադրութեամբ տրուած իրաւունքները, պաշտպանեց իր տեղը բարգաւաճող Թուրքիոյ մէջ, եւ մենք մշտապէս պիտի յիշենք անոնք, որոնք վնասուածքներ ստացան կամ զոհուեցան այդ իրադարձութիւններու ընթացքին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment