Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շուէտացի Պատգամաւորները Էրտողանին Մեղադրած են Ցեղասպանութիւն Կատարելու Մէջ

Շուէտացի Պատգամաւորները Էրտողանին Մեղադրած են Ցեղասպանութիւն Կատարելու Մէջ

by MassisPost

Շուէտացի օրէնսդիրները բողոք ներկայացուցած են ընդդէմ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի՝ մեղադրելով զինք ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ յանցանքներու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Independent»:

Շուէտի խորհրդարանի հինգ անդամներ երկրի դատախազութեան հայց ներկայացուցած են ընդդէմ Էրտողանին, մատնանշելով անոր ունեցած դերակատարութիւնը 2015 թուականէն մինչեւ օրս թրքական ուժերու եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ արիւնալի հակամարտութեան գործին մէջ:

Այս Շուէտի մէջ առաջին դէպքն է, երբ փորձ կը կատարուի պատասխանատուութեան ենթարկել այլ երկրի ղեկավարը: Բողոքին մէջ ներառուած են նաեւ վարչապետ Պինալի Եըտլըրըմին եւ  շարք մը նախարարներու անուններ: Եթէ դատախազութիւնը ներկայացուած բողոքի հիման վրայ որոշում կայացնէ դատական գործ յարուցել, ուրեմն Էրտողանը ձերբակալելու հրաման պիտի տրուի:

2014 թուականէն Շուէտի մէջ կը գործէ օրէնք, որ թոյլ կու տայ երկրի դատարաններուն որեւէ դատական գործ յարուցել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն գործելու համար՝ անկախ անկէ, թէ այն ուր տեղի ունեցած է:

Կանաչներու կուսակցութեան անդամ Քարլ Շլիթըր յոյս յայտնած է, որ եւրոպական երկիրները նոյնպէս կը մտածեն նմանօրինակ քայլի դիմելու մասին: «Եթէ Էրտողանին կը խանգարեն շրջիլ Եւրոպայի մէջ եւ ազդել եւրոպական երկիրներուն վրայ այնպէս, ինչպէս կը ցանկայ, ուրեմն յոյսով եմ, որ այդ մէկը կ’ազդէ անոր քաղաքականութեան վրայ»,- նշած է նա:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment