Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Ընդդիմութեան «Արդարութեան Երթ»ը Աւարտեցաւ Բազմահազարնոց Հանրահաւաքով

Թուրքիոյ Ընդդիմութեան «Արդարութեան Երթ»ը Աւարտեցաւ Բազմահազարնոց Հանրահաւաքով

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան՝ 15 Յունիսին սկսած «Արդարութեան երթ»ը նախօրէին աւարտեցաւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած բազմահազարնոց հանրահաւաքով:

Ընդդիմադիր կուսակցութեան համակիրներն ու ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու «Արդարութիւն» գրութեամբ պաստառներով 25 օրուան մէջ անցան Անգարայէն Պոլիս տանող շուրջ 450 քմ ճամբան:

«Ճումհուրիէթ» պարբերականի փոխանցմամբ, Պոլսոյ Մալթեփէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած երէկուայ հանրահաւաքին աւելի քան 2 միլիոն մարդ մասնակցած է:

Թրքական ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլու իր ելոյթի ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուցած է «Արդարութեան երթ» կազմակերպելու բոլոր շարժառիթները:

«Մենք քալեցինք ճնշուածներու իրաւունքներու, բանտարկուած պատգամաւորներու, ձերբակալուած լրագրողներու, համալսարաններէն վռնտուած դասախօսներու համար»,- յայտարարած է Քըլըչտարօղլու, նշելով երթի շարք մը այլ պատճառներ եւս:

Իրենց հասցէին հնչող քննադատութեան՝ թէ արդարութիւնը փողոցը չեն փնտռեր, Քըլըչտարօղլու հակադարձած է․ – «Երկրի մը մէջ, ուր մեծ անհաւասարութիւն կայ, դատարանները անկախ չեն, խորհրդարանի լիազօրութիւնները իւրացուած են, իսկ մամուլը՝ լռեցուած, պայքարի միակ վայրը փողոցն է»:

Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարը իրենց արդարութեան պահանջը ամփոփած է 10 կէտէ բաղկացած մանիֆեստով: Կէտերը կը վերաբերին անցած տարուայ 15 Յուլիսի յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք երկրին մէջ տեղի ունեցած իրաւախախտումներուն, ձերբակալութիւններուն, ժողովրդավարութեան սկզբունքներու ոտնահարման, խօսքի ազատութեան սահմանափակման, արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ իրականացուած սահմանադրական հանրաքուէի վիճելի արդիւնքներուն, իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղաքականութեան:

«Այս պայքարը արդարութեան պայքար է: Այս երթը մեր երթն է: Մենք կանգ չենք առներ, քանի դեռ չեն կատարուած մեր բոլոր պահանջները: Արդարութեան երթի վերջին օրը նոր սկիզբ մըն է, առաջին քայլը», – յայտարարած է Քըլըչտարօղլու, նշելով, որ «Արդարութեան երթ»ը այսպիսով չ’աւարտիր:

Թրքական ընդդիմութեան վերջին ժամանակներու ամենազանգուածային շարժումը համարուող «Արդարութեան երթ»ը Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդն ու կողմնակիցները սկսած էին երեք շաբաթ առաջ Անգարայի Կիւվէնփարկ այգիէն դէպի Պոլիս՝ այսպիսով բողոքելով կուսակցութեան պատգամաւոր Էնիս Պէրպէրօղլուն  25 տարուայ ազատազրկման դատապարտելու դատարանի որոշման դէմ: Պէրպէրօղլուին առաջադրուած է պետական գաղտնի տեղեկութիւններ հրապարակելու մեղադրանք:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment