Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ՊԲ-ն կը Հերքէ Ատրպէյճանական Հերթական Ապատեղեկատուութիւնը

Արցախի ՊԲ-ն կը Հերքէ Ատրպէյճանական Հերթական Ապատեղեկատուութիւնը

by MassisPost

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան երէկ տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ իբր հերթական սադրանք իրականացնելու համար արցախեան զինուած ուժերը բերուած են մարտական պատրաստականութեան, ինչին ի պատասխան ատրպէյճանական ուժերը  թիրախային կրակային հարուածներ  հասցուցած են՝ շարքէն հանելով մեծ քանակութեամբ կենդանի ուժ, քանի մը միաւոր ռազմական սարք եւ ռազմական նշանակութեան մարմիններու ենթակառուցուածքներ, հերթական ապատեղեկատուութիւն է: Պարզապէս ատրպէյճանական կողմը, իր սովորութեան  համաձայն ցանկալին կը ներկայացնէ իրականութեան փոխարէն:

Արցախի ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, թէ առաջնագիծին  ստեղծուած իրադրութեան մասին մենք արդէն տեղեկացուցած ենք:

Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն իրականացնել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրն ու առաջնագիծին ապահովել լիարժէք վերահսկողութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment