Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Ընտրութիւններու Ընթացքին Որոշ Թիւեր Չեն Համապատասխաներ Իրար

ԱԺ Ընտրութիւններու Ընթացքին Որոշ Թիւեր Չեն Համապատասխաներ Իրար

by MassisPost

2 Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին որոշ տեղամասերու մէջ ընտրողներու ստորագրութիւններուն եւ քուէատուփերուն մէջ առկայ քուէաթերթիկներու թիւերը չեն համապատասխաներ՝ կ’արձանագրէ «Թրանսփարընսի Ինթըրնաշընլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնը: Կեդրոնի ծրագիրներու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեան, որ ուսումնասիրած է ԿԸՀ- ի հրապարակած յիշեալ թիւերը, ըսած է՝ սա խնդիր է, որ լուրջ կասկածներու տեղիք կու տայ եւ կրնայ վկայել ընտրախախտումներու մասին։

«Այդպիսի 393 տեղամաս կայ, որոնցում ստորագրութիւնների եւ վաւեր ու անվաւեր քուէաթերթիկների թուերը միմեանց չեն համապատասխանել: Աւելի շատ դա նկատելի է եղել Ալաւերտու 24/35 տեղամասում՝ 16 դէպք, Առինճ գիւղում՝ 29/29 տեղամաս՝ 13 դէպք, Արագածոտնի Առուչ գիւղում՝ 11 դէպք»,- թուարկած է Վարուժան Հոկտանեանը:

Անոր խօսքով՝ 170 տեղամասերուն մէջ ալ տարբերուած են ելեկտրոնային սարքերէն տրուած կտրոններու եւ ընտրողներու ստորագրած ցուցակներու թիւերը։ Հակակաշառակերութեան կեդրոնի մասնագէտը նշած է՝ այդպիսի տարբերութիւններ իրականութեան մէջ պէտք չէ ըլլան, մինչդեռ, ԿԸՀ-ն այն կ’որակէ որպէս անճշտութիւն ու կը պնդէ, որ ընտրութեան արդիւնքներու վրայ անոնք ազդեցութիւն ունենալ չէին կրնար։ «Մենք պէտք է ոչ թէ մօտենանք այն կանխավարկածով, թէ չեն ազդի արդիւնքի վրայ, խնդիրը դա չէ, այլ այն, որ այդ երեւոյթը պէտք է ինչ-որ կերպ պատժուի․ եթէ կայ տարբերութիւն, ուրեմն պէտք է կատարուի հետաքննութիւն»,- ԿԸՀ-ին հակադարձած է Հոկտանեանը:

Նրա դիտարկմամբ, հենց ընտրությունների օրը մի «տարօրինակ երևույթ» էլ է նկատվել: Երբ հանձնաժողովը 3 ժամը մեկ ամփոփում էր մասնակցության ցուցանիշները, կենտրոնի մասնագետներն այդ ընթացքում հաշվարկներ են կատարել ու եկել այն եզրահանգման, որ 181 տեղամասերում ընտրողները ռեկորդային արագությամբ են քվեարկել ու դուրս եկել։

Հոկտանեան բացատրած է՝ ըստ ընդունուած միջազգային փորձի՝ մէկ ընտրողի քուէարկութեան համար պահանջուող նուազագոյն ժամանակը 50 վայրկեան է, մինչդեռ՝ այդ տեղամասերուն մէջ մէկ ընտրողին սպասարկած են անգամ 36-38 վայրկեանի մէջ․ «Սա կարող է լինել այն բանի հետեւանքը, որ կամ՝ բացայայտ կերպով լցոնել են քուէատուփը, կամ էլ մէկ այլ տարբերակ՝ յանձնաժողովի համապատասխան անդամները ստորագրում են, որից յետոյ, արդէն քուէների հաշուարկի ժամանակ, համապատասխան թուով քուէաթերթիկներ են աւելացւում»:

Հակակաշառակերութեան կեդրոնի ներկայացուցիչը սպասելիքներ չունի, որ իրաւապահ մարմինները կ’արձագանգեն իրենց զեկոյցին մէջ տեղ գտած բացայայտումներուն։ Անոր համոզմամբ՝ ընտրակեղծարարութիւնը համակարգային բնոյթ կը կրէ։ Ըստ Հոկտանեանի, սակայն, բացայայտուած տուեալները կարնային լրացուցիչ փաստարկ դառնալ այն ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ձեռքին, որոնք կ’ուզէին վիճարկել արդիւնքները։ «Թրանսփարընսի Ինթըրնաշընլ»-ի ծրագիրներու ղեկավարը վստահ է՝ ընտրակաշառքի բաժանումն ու վարչական ներուժի կիրառումը ազդեցութիւն ունեցած են ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ։

Այս հարցերի շուրջ «Ազատութիւնը» զրուցած է ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանի հետ: Վերջինս նշած է, որ ընտրողներու քուէարկութեան արագութեան հետ կապուած հարցը բարձրացուած է նաեւ Սահմանադրական դատարանին մէջ, ընտրութեան արդիւնքներու վիճարկման ժամանակ։

«ՍԴ-ուն դիմումի քննութեան ժամանակ վկայակոչուեց այդ հանգամանքը: Այդ ժամանակ անգամ մեր կողմից հարց բարձրացուեց՝ դրա մեթոտաբանութեան հետ կապուած, իրականացման եղանակի հետ կապուած եւ այլն: Համենայն դէպս՝ այնտեղ էլ որեւէ պատասխան չտրուեց: Եւ ընդհանրապէս, այդ հաշուարկն, ինքնին, անհասկանալի մեթոտաբանութեամբ է արուած, եւ դրանից ինչ-որ միանշանակ դատողութիւն անելն ուղղակիօրէն անհնար է»,- ըսած է ԿԸՀ նախագահը:

Ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններու ընթացքին գրանցուած թուային անճշդութիւններուն, այդ առնչութեամբ Տիգրան Մուկուչեան նշած է, որ անոնք մեկնաբանելու համար նախ պէտք է ծանօթանայ «Թրանսփարընսի Ինթըրնաշընլ»-ի ներկայացուցած տուեալներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment