Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Յուլիսին Տեղի Կունենայ նախատեսուած Նալպանտեան-Մամետեարով Հանդիպումը

Յուլիսին Տեղի Կունենայ նախատեսուած Նալպանտեան-Մամետեարով Հանդիպումը

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն մտադիր չէ հրաժարիլ Յուլիսին նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ հանդիպումէն, Երեւանը նոյնպէս չի բացառեր յառաջիկային Նալպանտեան-Մամետեարով ձեւաչափով հանդիպում։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հերթական հանդիպումը չեղարկելու մասին Երեւանէն եւ Պաքուէն յայտարարութիւններ հնչած են շփման գիծին տիրող աննախադէպ լարուածութեան ֆոնին։

Յիշեցնենք, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները 4 Յուլիսի ուշ երեկոյեան հաղորդեցին, թէ հայկական կողմի արկակոծութեան հետեւանքով Ալխանլու գիւղին մէջ զոհուած են 50-ամեայ կին եւ երկու տարեկան երեխայ։ Եւս կին մը վիրաւորուած է եւ տեղափոխուած հիւանդանոց։

Պաքուն պնդած է, որ հայկական կողմը առաջին անգամ  կրակած է։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակն ալ հակառակը ապացուցելու համար տեսանիւթեր տարածած է։

Սահմանային այս աննախադէպ լարուածութեան զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմէթ Հաճիեւը յայտարարած է, թէ Պաքուն չէ ծրագրած չեղարկել նախարարներու հանդիպումը։ «Ատրպէյճանի բանակցութիւններուն մասնակցելու խնդիրը ձեւական չէ: Մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ մենք կ’ուզենք բովանդակալից բանակցութիւններ», – Հաճիեւի խօսքերը կը մէջբերէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը։

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանը ըսած է, թէ չի բացառեր Յուլիսին նախարարներու հանդիպում, ինչպէս յայտարարած էին աւելի վաղ։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով այդ հանդիպումը ամենայն հաւանականութեամբ տեղի կ’ունենայ 11 Յուլիսին՝ Աւստրիոյ մէջ։

Պաշտօնական Պաքուն սպասուող հանդիպումէն առաջ հերթական անգամ քննադատած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղուող միջնորդական առաքելութիւնը՝ Մինսքի խումբի համանախագահները մեղադրելով անգործութեան մէջ։

«Անոնք մինչեւ հիմա բանակցութիւններուն մէջ որեւէ արդիւնքի այդպէս ալ չեն հասած», – երէկ Մինսքի մէջ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի 26-րդ ամենամեայ նստաշրջանին ելոյթ ունենալով՝ յայտարարած է Վեհաժողովի փոխնախագահ, ատրպէյճանական խորհրդարանի պատգամաւոր Ազայ Կուլիեւը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment