Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԽ Բանաձեւին Մէջ Ամրագրուած է Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

ԵԽ Բանաձեւին Մէջ Ամրագրուած է Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանը սթրասպուրկեան լիագումար նիստի ընթացքին, 5 Յուլիսին ձայներու 457 կողմ, 124 դէմ եւ 66 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ ընդունած է բանաձեւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի 72-րդ նստաշրջանի կապակցութեամբ Եւրոպական Խորհրդարանի կողմէ ԵՄ Խորհուրդին տրուող առաջարկութիւններու մասին: Բանաձեւը կ’անդրադառնայ մարդու իրաւունքներու, միջազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններու վերաբերեալ  շարք մը հարցերու:

Ատրպէյճանական կողմի ջանքերով բանաձեւի քննարկման վերջին փուլին առաջարկուած էր լրացում Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ՝ անթոյլատրելի ձեւակերպումներով, որոնք միակողմանիօրէն կ’առանձնացնէին տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքները՝ դուրս թողելով ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը:

Այնուամենայնիւ, ԵՄ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան գործադրած ջանքերու շնորհիւ հնարաւոր եղաւ տապալել այս նախաձեռնութիւնը եւ բանաձեւի վերջնական գրութեան մէջ ամրագրած ինչպէս Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, այնպէս ալ ուժի չկիրառման սկզբունքը: Լիագումար նիստին տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրման հայկական կողմի նախաձեռնութիւնը ստացաւ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու բացարձակ մեծամասնութեան ձայները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment