Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Արարատ» Օրաթերթը 80 Տարեկան

«Արարատ» Օրաթերթը 80 Տարեկան

by MassisPost

Այս տարի կը նշուի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան  Լիբանանի  պաշտօնաթերթ  «Արարատ» օրաթերթի 80-Ամեակը: Կուսակցութեան երիցագոյն այս օրկանը  անցած է փառահեղ սակայն միեւնոյն ժամանակ դժուար  ճանապարհ: Սկսեալ առաջին խմբագիրի սպանութենէն, անցնելով պետական սպասարկութիւններու  հալածանքները,  խմբագրատան  ռմբահարումն ու  կործանումը  ան յաղթահարած է     բազում դժուարութիւններ: Այս  բոլորով  հանդերձ «Արարատ» մնացած է պատնէշի վրայ`  իր յստակ սկզբունքայնութեամբ եւ ուղեգիծով, որոնք կու գան  Մայր Կուսակցութեան գաղափարական ակունքներէն:

Տասնամեակներ շարունակ  «Արարատ» իր ընթերցողներուն ներկայացած  է  ճակատաբաց, որպէս ճշմարիտ խօսքի, խիզախ մտքի, յստակ կարծիքի արտայայտիչ ու ջահակիր: Անոր  հիմնական առաքելութիւնը եղած է Միջին Արեւելքի հայ զանգուածներուն մօտ  վառ պահել  ազգային արժէքներն ու  հայրենիքին կառչած մնալու  գաղափարը:

Հնչակեան պատմութիւնը հարուստ  է  մամուլի  իր օրկաններով, որոնք լոյս տեսած են աշխարհի բոլոր այն ծագերուն վրայ, ուր կուսակցութիւնը գործած է  անցնող  130  տարիներու ընթացքին: Հարիւրաւոր մամուլի օրկաններուն մէջ, «Արարատ» կը գրաւէ  իւրայատուկ  տեղ: Տասնամեակներու  ընթացքին թերթի խմբագիրները եղած են գրչի ու գաղափարի, հայրենասիրութեան ու համամարդկայնութեան նուիրեալներ: Անոնց անունները ոսկի տառերով արձանագրուած են  հայ մամուլի պատմութեան էջերուն վրայ, սկսեալ նահատակ Միհրան Աղազարեանէն,  Արմենակ Էլոյեան, Ասատուր Էլճանեան, Ժիրայր Նայիրի եւ ուրիշներ:

Վերջին տարիներուն թերթի  հրատարակութեան աշխատանքները վստահուած  են իգական սեռի   ներկայացուցիչ Անի Եփրեմեանին, որու առաջնորդութեամբ «Արարատ» կը նուաճէ նոր բարձունքներ, իր արդիական, բազմատեսակ բովանդակութեամբ ու նաեւ  շքեղազարդ իր  բացառիկներով, որոնք կու գան ճոխացնելու հայ տան գրադարանները:

Հնչակեան իւրաքանչիւր մամուլին վերապահուած է յատուկ դեր: «Արարատ» օրաթերթը   կը գտնուի  իր այդ դերին մէջ ու զայն կը շարունակէ  կատարել պատուով:

80-ամեակին  առթիւ «Մասիս» կը շնորհաւորէ իր երէց օրկանն ու անոր բոլոր նուիրեալները:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment