Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բնապահպանական Կազմակերպութիւններու Բողոքի Երթը Սեւանէն Լրացուցիչ Ջուր Բաց Թողելու Ծրագիրին Դէմ

Բնապահպանական Կազմակերպութիւններու Բողոքի Երթը Սեւանէն Լրացուցիչ Ջուր Բաց Թողելու Ծրագիրին Դէմ

by MassisPost

Խումբ մը բնապահպանական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքացիներ երէկ բողոքի երթ իրականացուցած են խորհրդարանի շէնքին դիմաց՝ պատգամաւորներէն պահանջելով չընդունիլ Սեւանէն լրացուցիչ 100 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր բաց թողելու մասին օրէնքի նախագիծը։ Բնապահպանները վստահ են՝ իշխանութիւնները այս քայլով կը փորձեն պարազապէս շահոյթ ապահովել ելեկտրական ուժանիւթ արտադրող «Սեւան-Հրազդան» սահանքի համար։

«Վարչապետը դեռ 3 ամիս առաջ յանձնարարական է տուել, որ Սեւանում իբր 1 միլիառ խմ յաւելեալ ջուր է հաւաքուել, եւ պէտք է այդ ջուրը տնտեսապէս ճիշդ օգտագործելու մեխանիզմներ մշակել ու 3 տարուայ ընթացքում օգտագործել: Չգիտեմ, թէ ով է վարչապետին նման խորհուրդ տուել, բայց ով նման խորհուրդ է տուել, յանցագործ է: Եթէ այդ փլանն իրագործուի, դա կը լինի յանցագործութիւն», «Էն, ինչ բաց են թողնում, դրա կէսը կորչում է, պարզ է, որ բնութեան մէջ այդ ջուրը չի կարող կորչել, դա այլ կոռուպցիոն ռիսք է, դրա հաշուին էլ շահոյթ են ստանալու, ելեկտրաէներկիա են արտադրելու, եւ դա գնալու է ինչ-որ մէկի գրպանը»,- «Ազատութեան» ըսած են երթի մասնակից բնապահպանները:

Ըստ նախագիծին, լրացուցիչ ջրառէն ռուսական ընկերութեան պատկանող սահանքը տարեկան մօտ 100 միլիոն քիլօ ուաթ յաւելեալ ուժանիւթ կ’արտադրէ։ Բնապահպանները չեն հաւատար կառավարութեան հաւաստիացման, թէ առաջացած եկամուտը պիտի փոխանցուի պետութեան արտապիւտճէթային հաշիւին․ «Դա էլ է ապսուրտ, որովհետեւ այդ կազմակերպութիւնները մասնաւոր ընկերութիւններ են, ո՞նց են օրէնքով այդ գումարը տանում արտապիւտճէթային հաշիւ: Դա պարզ չի: Երկրորդ՝ այդ հաշուի գումարները ո՞նց են ծախսուելու»:

Աւելի քան 70 բնապահպանական կազմակերպութիւններու կողմէ ստեղծուած «Սոս Սեւան» նախաձեռնութեան անդամները կը պնդեն, որ լիճէն լրացուցիչ ջրառը լուրջ վնաս պիտի հասցնէ Սեւանի կենսոլորտային համակարգին, պիտի սկսի նեխման գործընթաց, պիտի վտանգուի ձկնատեսակներու գոյութիւնը։ «Կառավարութիւնն աչքը տնկել է բնական ռեսուրսների վրայ, որը մերը չի: Այս բնութիւնը մենք որպէս ժառանգութիւն չենք ստացել, այլ պարտք ենք ստացել մեր սերունդներից, եւ այսօր ուտում են սերունդների բաժինը, յատկապէս բնական ռեսուրսների մասով»,- ըսած է բողոքի գործողութեան մասնակիցներէն մէկը:

Պատգամաւորներէն որեւէ մէկը բնապահպան աքթիւիսթներուն չէ մօտեցած։ «Սոս Սեւան» նախաձեռնութեան անդամներէն մի քանին 3 յունիսին ԱԺ-ի մէջ կազմակերպուած քննարկման ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւնները, սակայն յոյս չունին, որ օրէնքը չընդունուիր․ «Խայտառակ իրավիճակ է, էստեղի մարդիկ սպառողական մտածողութիւն ունեն, իրենք մտածում են՝ ինչքան շատ սպառեն, ինչքան շատ վերցնեն էս երկրից, էնքան լաւ կը լինի իրենց սեփական գրպանի համար»:

Բնապահպաններու համոզմամբ, Սեւանէն բաց թողնուող ջուրը շարքային գիւղացիներուն գրեթէ չի հասնիր, թէեւ օրինագիծի հիմնաւորման մէջ կառավարութիւնը հակառակը կը պնդէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment