Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Փարիզի մէջ 43-ամեայ Հայը Մեքենայով Փորձած է Մխրճուիլ Մզկիթի Մերձակայքը Հաւաքուած Բազմութեան մէջ

Փարիզի մէջ 43-ամեայ Հայը Մեքենայով Փորձած է Մխրճուիլ Մզկիթի Մերձակայքը Հաւաքուած Բազմութեան մէջ

by MassisPost

Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու կասկածանքով ձերբակալուածը ծագումով հայ է: Այդ մասին կը հաղորդէ BBC-ն:

29 Յունիսի երեկոյեան Փարիզի մերձակայքը գտնուող Կրետէյ քաղաքին մէջ, ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 43-ամեայ տղամարդ մը, որ կը փորձէր վրաերթի ենթարկել մզկիթի մօտ կանգնած խումբ մը մարդոց: Դէպքէն տուժածներ չկան:

BBC-ն կը նշէ, որ ձերբակալուածի գործողութեան շարժառիթները յայտնի չեն, սակայն «Le Parisien» թերթը կը յայտնէ, որ ան հայ է եւ ըսած է, որ ուզած է վրէժ լուծել Փարիզի մէջ իսլամներու իրականացուցած յարձակումներուն համար:

Թերթը նշած է, որ ձերբակալուածը ալքոլի կամ թմրամիջոցներու ազդեցութեան տակ չէ եղած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment