Կառավարութիւնը ներկայիս կը մշակէ օրինագիծ մը, որով պէտք է կարգաւորուին Հայաստանի քաղաքացիութենէն հրաժարած անձանց պատկանող հողատարածքները ետ վերցնելու մէքանիզմները: Շիրակի մարզի համայնքապետերու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին յայտարարած է գիւղնախարար Իգնատի Առաքելեանը, հաւաստիացնելով՝ անարդարացի ոչինչ պիտի չըլլայ:
«Բոլոր դէպքերում, իմ կարծիքով, մենք պէտք է ամէն ինչ դիտարկենք, ելնելով գիւղացիների շահերից, երկրի զարգացման շահերից, նաեւ սեփականատէրերի շահերից, որպէսզի ոչ մէկի իրաւունքները չխախտուեն: Իհարկէ՝ հողերը չօգտագործելը դա խոչընդոտ է: Չօգտագործման մի քանի պատճառ կայ՝ գուցէ չկան պայմաններ, տարածքները ոռոգելի չեն, չկան ենթակառուցուածքներ եւ այլն, սակայն կան դէպքեր, երբ ամէն ինչ կայ, բայց չի օգտագործւում: Համարում եմ, որ այդ դէպքում անարդարացի է, եթէ կան պայմաններ՝ ինչո՞ւ չօգտագործել կամ տալ վարձակալութեան: Չենք կարող այլեւս անուշադրութեան մատնել այդ հարցը, պէտք է անպայման անդրադառնանք, եւ եթէ պէտք է օրէնք փոփոխել, պէտք է փոփոխենք եւ միջոցներ ձեռնարկենք»,- ըսած է նախարարը:
Գիւղերուն մէջ տարուէ տարի կ’աւելնան չմշակուող հողատարածքները, նոյնիսկ ջրովի ու բարձր բերքատուութիւն ապահովող վայրերուն մէջ: Հողատէրերէն շատեր արտագաղթած են: Անոնց մէկ զգալի մասը այլ երկիրներու քաղաքացիութիւն ստացած է՝ պահպանելով հողատարածքներու նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքը:
Գիւղանախարարի հետ հանդիպման չմշակուող հողերու հարցը բարձրացուցած է Ազատանի գիւղապետ Վարդան Իկիլիկեանը: Միայն Ազատան համայնքի մէջ արդէն 200 հեքթար չմշակուող հողատարածք կայ, որ վարձակալութեան ենթակայ չէ: Գիւղապետը առաջարկած է գիւղապետարաններին լիազօրութիւն տալ՝ ժամանակաւոր տնօրինել այդ տարածքները, որպէսզի անոնք մշակուին ու եկամուտներ ապահովեն համայնքներուն համար:
Արտագաղթի պատճառով գիւղերուն մէջ խնդիրներու առաջ կանգնած են մարզի գրեթէ բոլոր համայնքները: Օրէնքը նման պարագաներուն միայն մէկ լուծում կը նախատեսէ, որ, սակայն, գիւղապետերը չեն կիրառեր՝ չուզելով «վատամարդ դառնալ» ու փչացնել յարաբերութիւնները համայնքի բնակիչներուն հետ:
«Ճիշդ է՝ Հողային օրէնսգրքի 102-րդ յօդուածը նախատեսում է, որ հողերի ոչ նպատակային օգտագործելու դէպքում դրանք օտարման ենթակայ են, բայց մեր գործընկերներից ոչ ոք չի գնայ այդ քայլին, որովհետեւ ոչ մէկի սերնդին չենք զրկելու հողի սեփականութիւնից»,- ըսած է Ազատանի գիւղապետը: Կան նաեւ տարիներով բացակայող հողատէրեր: Անոնց պարագային գիւղապետերուն կ’առաջարկուի դիմել դատարան ու անյայտ բացակայող ճանչնալ սեփականատիրոջ: