Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Առաջին Արեւային Վահանակներ Արտադրող Գործարանի Պաշտօնական Բացումը

Հայաստանի Մէջ Առաջին Արեւային Վահանակներ Արտադրող Գործարանի Պաշտօնական Բացումը

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր ներկայ գտնուած է «Պրոֆպանել» ընկերութեան՝ Հայաստանի մէջ առաջին արեւային վահանակներ արտադրող գործարանի պաշտօնական բացման արարողութեան:  Ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ արեւային վահանակներու արտադրութեան ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալած է 2016 թուականէն SolarOn ապրանքանիշով: Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն։

Վարչապետ Կարապետեանը շրջայց կատարած է գործարանին մէջ, ծանօթացած արտադրական գործընթացին, ընկերութեան ծրագիրներուն եւ զարգացման հեռանկարներուն: Կառավարութեան ղեկավարին ներկայացուած է, որ SolarOn արեւային վահանակներ արտադրող եւ տեղադրող գործարանի արտադրական հզօրութիւնը կը կազմէ տարեկան 10 Միլի ուաթ, աշխատակիցներու քանակը լրիւ արտադրական ծանրաբեռնուածութեան պարագային՝ 50 մարդ: Սկզբնական ներդրումներու ծաւալը կը կազմէ մօտ 2 միլիոն ԱՄՆ տոլար: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ նախ արեւային վահանակներ մատակարարել ներքին շուկային, ապա կազմակերպել արտահանում դէպի տարածաշրջանային եւ այլ երկիրներ։ 1,5 քիլօ ուաթ հզօրութեամբ արեւային փոքր-կայանը, որ կրնայ արտադրել ամսական մօտ 200  քիլօ ուաթ ելեկտրական ուժանիւթ, կ’արժէ 1,5-1,7 հազ. ԱՄՆ տոլար: 2017 –ի  գարունէն ընկերութիւնը կ’աշխատի յատուկ ռեժիմով եւ արդէն իրականացուցած է արտադրական եւ բնակելի տարածքներու համար արեւային կայաններու տեղադրման շարք մը նախագիծեր:

Նշենք, որ 23 փետրուար 2017-ի նիստին կառավարութիւնը որոշած էր ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս «Պրոֆպանել» ՍՊԸ-ին ազատել մաքսատուրքէ՝  արհեստագործական սարքաւորումներու, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու ներմուծման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment