Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ուխտի Նորոգութեան Այց Հնչակեան 20 Կախաղաններու 102 Ամեակին Առթիւ

Ուխտի Նորոգութեան Այց Հնչակեան 20 Կախաղաններու 102 Ամեակին Առթիւ

by MassisPost

Հնչակեան Կուսակցութիւնը ամէն տարի նուիրական պարտք կը համարէ Յունիս ամսուան ընթացքին ոգեկոչել եւ ուխտել մեր պատուական Նահատակներու գաղափարախօսութիւնը շարունակելու մինչեւ անոնց հետապնդած արդար դատի յաղթանակը:

Այս տարի, Փասատինայի Ս.Դ.Հ.Կ -Փարամազ  մասնաճիւղի վարչութիւնը Հնչակեան քսան կախաղաններու 102-րդ տարելիցին առթիւ, կազմակերպած էր  ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 25 Յունիս,2017, Փասատինայի Մեծ Եղեռնի  Նահատակներու յուշարձանին մօտ:

Փասատինայի «Memorial Park» զբօսայգին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու 1915-ի Յունիսի 15-ին զոհուած քսան Հնչակեան Նահատակներու յիշատակին եկած ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Ս.Դ.Հ.Կ.  Վարիչ մարմնի անդամները, «Փարամազ» մասնաճիւղի վարչականներ եւ անդամներ, «Կայծ» երիտասարդական Միութեան եւ ՀՄ.Մ.-ի  ներկայացուցիչներ, Սապահ-Գիւլ  եւ Արսէն Կիտուր մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ:

Ս.Դ.Հ.Կ. Փարամազ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Լենա Մանուկեան, կազմակերպիչ մարմնի անունով ելոյթ ունենալով  յայտնեց «…1915 Յունիս 15-ը անձնուրացութեան եւ քաջութեան օր էր, երբ 20 խիզախ Հնչակեաններ իրենց տեսլականով, կառչած մնալով իրենց գաղափարին, անվախ եւ անարցունք, իմացեալ մահով կախաղան բարձրացան:  Քսանները` մեր պատմութեան անքակտելի ասպետներն են:  Անոնց հզօր տեսլականով մենք ունեցանք ազատ ու անկախ Հայաստան, Հզօր Արցախ եւ յաղթական բանակ»:

Իր ելոյթին մէջ` Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ մարմնի անդամ ընկ. Սուրէն Խուտանեան քսաններու Նահատակութեան հարցին մօտեցաւ պատմա-փիլիսոփայական տեսանկիւնէն եւ մեկնաբանեց Օսմանեան կայսրութեան գազանային չարիքները, որոնց հետեւանքն էր ցեղասպանութիւնն ու քսաններու Նահատակութիւնը:  Հնչակեան ղեկավարութիւնը` իրեն յայտնի 7-րդ համագումարով, որոշած էր ահռելի չարիքը գլխատել աւաղ, բացայայտուեցաւ դաւաճան եւ զիրենք մատնելով խափանեց վիշապի գլխատումը:

Ընկ. Սուրէն Խուտանեան քսան անմահներէն Փարամազի արտասանած պաշտպանական ճառին մասին, արտայայտուելով դրուատեց անոր խորիմաստ մտածումները եւ յարեց.- «…Լուսաւոր Փարոսի պէս, ան կրնայ նաւաբեկումներու ենթարկուած նաւաստիին ուղղութիւն տալ:  Արցախեան հարց կուզենք լուծել` ապաւինինք այդ Փարոսի լոյսին»:

Ապա իր խօսքը եզրակացուց Փարամազի ելոյթէն մէջբերելով հետեւեալը.-

«Հոն ուր կախաղաններն են ճոճում` ազատութիւնն է ման գալիս»:

«Հոն ուր մեռելներն են ննջում` յարութիւնն է մօտալուտ»:

«Կայծ» Երիտասարդաց միութեան անունով սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ալիսըն Թաւուքճեան-Ղաֆարին:  Իսկ  քսաններու նուիրուած Վահան Թէքէեանի բանասեղծութիւնը կարդաց Անի Մարսելեան:

Այնուհետեւ ներկաները ծաղկեպսակի եւ մեխակներու զետեղում կատարեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ :  Սոյն տպաւորիչ հաւաքն աւարտեցաւ Հնչակեան ուխտի «Տուր Ձեռքդ Ընկեր» երգով:

MERO-0060MERO-0106

 

 

 

 

 

 

 

 

MERO-0027MERO-0052

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment