Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Մուտքի Արտօնագիրի Տրամադրման Խստացումը Կ’անդրադառնայ Նաեւ Հայաստանի Վրայ

ԱՄՆ Մուտքի Արտօնագիրի Տրամադրման Խստացումը Կ’անդրադառնայ Նաեւ Հայաստանի Վրայ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբի վարչակազմը հաստատած է ԱՄՆ մուտքի արտօնագիրներու դիմողներու համար նոր հարցաթերթը, որ կը ներառէ  շարք մը նոր կէտեր: ԱՄՆ դեսպանատան լրատուական ծառայութենէն Tert.am-ին տեղեկացուցած են, որ խստացման կարգը կ’ազդէ նաեւ ՀՀ-ի վրայ:

«Նախագահ Թրամբի 2017թ. Մարտի 6-ի մուտքի արտօնագրերի դիմումների քննութեան եւ ստուգման բարելաւման  մասին շրջաբերական գրութեան հիման ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնն ամբողջ աշխարհում մուտքի արտօնագրի դիմում ներկայացնող անձանցից սկսել է պահանջել յաւելեալ տեղեկատուութիւն այն դէպքերում, երբ հիւպատոսական պաշտօնեան տուեալ անձի ինքնութիւնը հաստատելու կամ ազգային անվտանգութեան հարցերի շուրջ աւելի խիստ ստուգում անցկացնելու նպատակով անհրաժեշտ է համարում նման տեղեկատուութեան տրամադրումը»:

Դեսպանատունը պարզաբանած է, որ իրենց  հաշուարկներով այս փոփոխութիւնը կ’անդրադառնայ աշխարհով մէկ տարեկան դիտարկուող 13 միլիոն մուտքի արտօնագիրներու դիմումներու մէկ տոկոսի չնչին մասի մը վրայ. «Հիւպատոսական պաշտօնեաներն այս յաւելեալ տեղեկատուութիւնը կ’օգտագործեն միայն ԱՄՆ գործող օրէնքների ներքոյ մուտքի արտօնագիրի մերժման հիմք հանդիսացող կէտերու հետ կապուած տուեալներու ստուգման նպատակով: ԱՄՆ օրէնքներու համաձայն մուտքի արտօնագիրի տրամադրումը չի կարող մերժուել ռասայական, կրօնական, էթնիք, ազգային ծագման, քաղաքական հայեացքներու, սեռի կամ սեռական կողմնորոշման հիմքով»,- ըսուած է ԱՄՆ դեսպանատան պատասխանին մէջ:

Յիշեցնենք, որ նոր ընթացակարգի համաձայն՝ հիւպատոսական աշխատակիցները կրնան պահանջել բոլոր նախկին անձնագիրներու համարները, հինգ տարուայ ընթացքին ունեցած սոցիալական ցանցերու էջերը, ելեկտրոնային հասցէները եւ հեռախօսահամարները, ինչպէս նաեւ 15 տարուայ կենսագրական տուեալներ՝ ներառեալ հասցէներ, աշխատանքի եւ կատարած ճանապարհորդութիւններու մասին տեղեկութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment