Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիա Զգուշացուցած է Ուաշինկթընի Միջադէպին Մասնակցած Թիկնապահները Համպուրկի Մեծ Քսանեակի Գագաթնաժողովին Չուղեկցին Էրտողանին

Գերմանիա Զգուշացուցած է Ուաշինկթընի Միջադէպին Մասնակցած Թիկնապահները Համպուրկի Մեծ Քսանեակի Գագաթնաժողովին Չուղեկցին Էրտողանին

by MassisPost

Երէկ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մաթիաս Շէֆըրը ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է, թէ Անգարայէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, կ’ակնկալեն, որ  Ուաշինկթընի միջադէպին մասնակցած թիկնապահները Էրտողանին պիտի չուղեկցին Համպուրկի մէջ կատարելիք այցի ընթացքին:

Ան չէ հերքած մամուլի հրապարակումները, որ այդ մէկը կը  կատարուի Պերլինի պահանջով: Միաժամանակ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը ըսած է, թէ Պերլինը հոգ կը տանի, որ Մեծ քսանեակի (G20) գագաթնաժողովին, ինչպէս նաեւ այլ միջոցառումներու ժամանակ արտասահմանցի հիւրերը սեփական թիկնազօր կարենան ունենալ:

Գերմանիան կը պատրաստուի հիւրընկալել Մեծ քսանեակի զարգացած երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ նախագահը, ապահովել՝ գագաթնաժողովի պատշաճ անվտանգութիւնը, բայց բռնութիւններ հնարաւոր է տեղի ունենան ոչ թէ ցուցարարներու, այլ Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներու կողմէն, որոնք հանրաճանաչ դարձած են անցած մայիսին Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու դէմ գործադրած բռնութիւններով:

Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը զգուշացուցած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի՝ Ուաշինկթընի բռնութիւններուն մասնակցած թիկնապահները Գերմանիա չմտնեն։ Այս մասին հաղորդած է «Deutsche Welle» ռատիօկայանը՝ վկայակոչելով կիրակնօրեայ մամուլի հրապարակումները:

«Die Welt» թերթը գրած է, որ խորհրդարանի դռնփակ հանդիպման կառավարութեան այս որոշման մասին տեղեկացուցած է Պունտէսթակի պատգամաւորներուն:

G20 գագաթնաժողովը պիտի իրականացուի Համպուրկի մէջ 7-8 յուլիսին: Համպուրկէն սենաթոր Էնտի Կրոթը «Die Welt»-ին ըսած է. – «Մեր փողոցներուն մէջ պէտք է միայն Համպուրկի ոստիկանութիւնը ըլլայ, ուրիշ ոչ մէկը, այդ մէկը կը վերաբերի նաեւ արտերկրի առաջնորդներու անվտանգութեան ուժերուն»:

Կ’ակնկալուի, որ G20-ի գագաթնաժողովի օրերուն աւելի քան 10 հազար ձախակողմեան ծայրայեղականներ, ընկերվարականներ բողոքի ցոյցերու համար պիտի հաւաքուին Համպուրկի մէջ: Անոնք արդէն քանի մը հազար վրան տեղադրելու հայց ներկայացուցած էին քաղաքային իշխանութիւններուն, քանի մը որոշումներէն ետք  Համպուրկի վճռաբեկ դատարանը անցած ուրբաթ որոշեց չթոյլատրել վրաններու տեղադրումը: Գագաթնաժողովին ընդառաջ ձախակողմեան ծայրայեղականները Համպուրկի փողոցներուն մէջ սկսած են յաճախ ինքնաշարժներ հրկիզել:

Իշխանութիւնները կը զգուշանան նաեւ Գերմանիոյ մէջ բնակող քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ հնարաւոր անկարգութիւններէն: Անվտանգութեան ծառայութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան «Hamburger Abendblatt»-ին ըսած էր, որ քրտական համայնքին հաւաքուելու համար երկար ժամանակ պէտք չէ, որովհետեւ այդ համայնք  կազմակերպուած   համայնք մըն է:

Գերմանիոյ հետախուզական ծառայութեան (BfV) տեղի բաժանմունքէն «Die Welt»-ին ըսած են, որ Համպուրկի փողոցներուն մէջ քիւրտերու եւ ազգայնական թուրքերու միջեւ բախումները կրնան հեշտութեամբ բռնկիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment