Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միացեալ Նահանգները Խորապէս Մտահոգուած է Շփման Գիծին Հրադադարի Վերջին Խախտումներով

Միացեալ Նահանգները Խորապէս Մտահոգուած է Շփման Գիծին Հրադադարի Վերջին Խախտումներով

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է ղարաբաղեան շփման գիծին հրադադարի վերջին խախտումներով, որոնց հետեւանքով անցած շաբաթ բազմաթիւ զոհեր եղան։ Այս մասին երէկ յայտարարած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը։

«Կը յորդորենք կողմերը խուսափիլ սրացումէ եւ կը խրախուսենք շփման գիծի ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանի երկայնքով լարուածութիւնը նուազեցնելու միջոցներու անյապաղ քննարկումը», – ըսուած է Պետական քարտուղարութեան  խօսնակ Հիթըր Նաուերթի հրապարակած յայտարարութեան մէջ։

Յիշեցնելով, որ 19 Յունիսի յայտարարութեան մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կողմերուն կոչ ըրած են վերստին ներգրաւուիլ ըստ էութեան բանակցութիւններուն մէջ` բարեխղճօրէն եւ քաղաքական կամքով, եւ ընդգծած են, որ այդպիսի բանակցութիւնները միակ ուղին են՝ խաղաղութիւն բերելու տարածաշրջանի մարդոց, որոնք կ’ակնկալեն եւ արժանի են առաջընթացի դէպի հակամարտութեան կարգաւորում, Պետական քարտուղարութիւնը շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ կեդրոնացած կերպով աշխատիլ կողմերու հետ։

«Մեր վաղեմի քաղաքականութիւնը, որու մէջ Մինսքի խումբի համանախագահները համակարծիք են, այն է, որ արդարացի կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային օրէնքի վրայ, ներառեալ՝ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը, յատկապէս՝ ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Անցած շաբաթավերջին շփման գիծին Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի չորս զինծառայողներ զոհուեցան, եւս երեքը վիրաւորուեցան, անոնցմէ մէկուն վիճակը ծայրայեղ ծանր կը մնայ։ Ատրպէյճանական կողմը ուրբաթ օր հաղորդած է իր մէկ զինծառայողի զոհուելու մասին։

Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը եւ Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ միջնորդութիւն իրականացնող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երեք համանախագահներն են։

Յիշեցնենք՝ 2016-ի ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումներու ժամանակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած էին շփման գիծին հրադադարի խախտումներու քննութեան ձեւերու ներդրման եւ ԵԱՀԿ դիտորդներու թիւի աւելացման մասին: Այդ համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը բազմաթիւ անգամ շեշտած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները, հայկական կողմը մշտապէս պատրաստակամութիւն յայտնած է անոնք կատարել, մինչդեռ Ատրպէյճանը խոչընդոտած է անոնց իրականացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment