Home ՍՓԻՒՌՔ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 100 Հազար Եւրօի Աջակցութիւնը՝ Սուրիահայութեան

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 100 Հազար Եւրօի Աջակցութիւնը՝ Սուրիահայութեան

by MassisPost

20 Յունիսին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի յանձնախումբը սուրիաբնակ հայերուն 100 հազար եւրոյին համարժէք գումար նուիրաբերած է: Գումարին նուիրատուութիւնը իրականացած է Լիբանանի Անթիլիաս շրջանին տեղակայուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով:

2012-2016 թուականներուն սուրիահայութեան աջակցութեան նպատակով Հիմնադրամին հանգանակած ընդհանուր գումարը կազմած է մօտ 396 միլիոն դրամ: Հասոյթին գերակշիռ մասը ձեւաւորուած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի, Արժանթինի, Պրազիլի, Լիբանանի, Շուէտի, Հոլանտայի յանձնախումբերու` Հեռուստամարաթոն 2012-ի եւ 2013-ի ծիրէն ներս հաւաքագրուած գումարներէն:

Հայաստանի մէջ հանգանակութիւնները ուղղուած են բազմաբնոյթ ծրագիրներու իրականացման. սուրիահայերը Հայաստան տեղափոխելու նպատակով գործարկուած է չարթերային 2 չուերթ, փոխհատուցուած է 120 սուրիահայ ուսանողի ուսման վարձը, 39 սուրիահայի սրտի վիրահատութեան գումարը, 19 ընտանիքի բուժման ծախսերը: Սուրիոյ մէջ հանգանակութիւններու միջոցով՝ փոխհատուցուած է Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձը, որուն շնորհիւ՝ վարժարանները պատերազմական ծանրագոյն պայմաններուն մէջ կը շարունակեն մինչ օրս աշխատիլ:

Ըստ իրավիճակի անհրաժեշտութեան` սուրիաբնակ հայերու համար կատարուած են շարք մը այլ օժանդակ ծրագիրներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment