Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Կառավարութեան Հնգամեայ Ծրագիրը

Հայաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Կառավարութեան Հնգամեայ Ծրագիրը

by MassisPost

64 կողմ եւ 31 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ խորհրդարանը երէկ ընդունեց կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը յառաջիկայ 5 տարիներու համար:

Դէմ քուէարկեցին ընդդիմադիր «Ելք» ու «Ծառուկեան» դաշինքները: Իր ելոյթին մէջ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը շեշտած է, թէ դէմ կը քուէարկեն ծրագիրին, քանի որ այն ոչ թէ կառավարութեան, այլ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետականի (ՀՀԿ) ծրագիրն է: Իսկ Սերժ Սարգսեանը, ըստ դաշինքի, Հայաստանի բոլոր ձախողումներու թիէ մէկ պատասխանատուն է:

«Ասում են՝ «ի՞նչ տարբերութիւն ձեզ համար՝ ով է լինելու 2018 թուականի վարչապետը»։ Կայ տարբերութիւն, որովհետեւ եթէ դուք գործընթացները տանում էք այնպէս, որ Սերժ Սարգսեանին էլի կարգէք վարչապետ, այո՛, կա՛յ տարբերութիւն։ Սերժ Սարգսեանն, այո՛, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր ձախողումների, որոնք արդէն փաստացի ապացուցուած են, թիւ մէկ պատասխանատուն է», – ըսած է Փաշինեանը։

Անդրադառնալով Հայաստանի անվտանգութեան մասին իշխող հանրապետականներու ելոյթներուն՝ Փաշինեանը հակադարձած է, թէ ի՞նչ անվտանգութեան մասին է խօսքը, երբ սահմանին ամէն շաբաթ զոհեր կ’ըլլան, եւ հայկական կողմը հեքթարներով տարածքներ կը կորսնցնէ:

Խօսելով ընտրութիւններուն յաղթելու եւ ժողովուրդի քուէն ստանալու՝ հանրապետականներու պնդումներու մասին, Փաշինեանը յորդորած է բանալ փակագիծերը եւ ըսել, թէ որքա՞ն գին վճարած են անոր համար. – «Քանի՞ հատ 10 հազար դրամ էք ծախսել այդ վստահութեան քուէն ստանալու համար»։

Կառավարութեան ծրագիրին դէմ քուէարկած է նաեւ Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած խմբակցութիւնը: «Ծառուկեան» դաշինքի պատգամաւոր, խորհրդարանի փոխնախագահ Միքայէլ Մելքումեանը շեշտած է, որ այս ծրագիրը 2012-2017 թուականի ծրագիրին համեմատ նահանջ արձանագրած է, ձախողած են տնտեսական աճի, ներդրումներու ծաւալի, նուազագոյն աշխատավարձի հետ կապուած բոլոր կէտերը. – «Եթէ նախորդ ծրագրերը ձախողուել են, ի՞նչ երաշխիք կայ, որ սա էլ չի ձախողուելու»։

Իսկ վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ նախ անդրադարձած է ընդդիմադիր պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի 21 Յունիսի այն դիտարկման, թէ այլեւս «հաւեսով» չի խօսիր։ «Փորձեմ այսօր հաւեսով խօսեմ, չնայած, իմ կարծիքով, երէկ էլ եմ հաւեսով խօսել, բայց հաւեսով խօսելու տենց առանձնապէս առիթներ մէկ-մէկ լինում է, որ չկայ», – ըսած է վարչապետը։

Ապա Կարապետեանը անդրադարձած է ծրագիրին, ինչպէս նաեւ իր հասցէին հնչած շարք մը քննադատութիւններուն՝ յորդորելով «կոռեկտութեան սահմանները չանցնել»:

Նկատենք, որ կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին բանավէճը հիմնական կ’ընթանար այն հարցի շուրջ, թէ արդեօ՞ք Կարէն Կարապետեանը կը շարունակէ պաշտօնավարել նաեւ 2018-ի ապրիլէն ետք, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեանը վար կը դնէ  իր լիազօրութիւնները:

«Ելք» դաշինքի պատգամաւորներու խաչաձեւ հարցապնդումներէն ետք Կարէն Կարապետեանը 21 Յունիսին նշած էր, թէ ինք պատրաստ է  վարչապետ ըլլալ, պարզապէս նման պնդում ընել չի կրնար, քանի որ քննադատութեան թիրախ կը դառնայ:

«Ելք»-ի պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան անդրադարձած է Վահրամ Պաղտասարեանի այն դիտարկման, թէ «Ելք»-ը կրնայ տրոհուիլ մինչեւ 2018 թուականի ապրիլը։ «Գիշերները Ձեր քունը չի՞ տանում, հա՞, որ «Ելք» դաշինքը միասնական է, չի քանդւում, երազում էք, որ մի բան լինի՞: Չի՛ լինելու, մի՛ անհանգստացէք», – ըսած է Մարուքեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment