20 Յունիսին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի յանձնախումբը սուրիաբնակ հայերուն 100 հազար եւրոյին համարժէք գումար նուիրաբերած է: Գումարին նուիրատուութիւնը իրականացած է Լիբանանի Անթիլիաս շրջանին տեղակայուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով:
2012-2016 թուականներուն սուրիահայութեան աջակցութեան նպատակով Հիմնադրամին հանգանակած ընդհանուր գումարը կազմած է մօտ 396 միլիոն դրամ: Հասոյթին գերակշիռ մասը ձեւաւորուած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի, Արժանթինի, Պրազիլի, Լիբանանի, Շուէտի, Հոլանտայի յանձնախումբերու` Հեռուստամարաթոն 2012-ի եւ 2013-ի ծիրէն ներս հաւաքագրուած գումարներէն:
Հայաստանի մէջ հանգանակութիւնները ուղղուած են բազմաբնոյթ ծրագիրներու իրականացման. սուրիահայերը Հայաստան տեղափոխելու նպատակով գործարկուած է չարթերային 2 չուերթ, փոխհատուցուած է 120 սուրիահայ ուսանողի ուսման վարձը, 39 սուրիահայի սրտի վիրահատութեան գումարը, 19 ընտանիքի բուժման ծախսերը: Սուրիոյ մէջ հանգանակութիւններու միջոցով՝ փոխհատուցուած է Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձը, որուն շնորհիւ՝ վարժարանները պատերազմական ծանրագոյն պայմաններուն մէջ կը շարունակեն մինչ օրս աշխատիլ:
Ըստ իրավիճակի անհրաժեշտութեան` սուրիաբնակ հայերու համար կատարուած են շարք մը այլ օժանդակ ծրագիրներ: