Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը Խորհրդարանին Ներկայացուց Կառավարութեան Ծրագիրը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը Խորհրդարանին Ներկայացուց Կառավարութեան Ծրագիրը

by MassisPost

Տարեկան միջինը 5 տոկոս տնտեսական աճ, աղքատութեան գրեթէ կիսով չափ կրճատում, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում մէկ քառորդով, արտահանման ծաւալներու զգալի աճ․ ասոնք Կառավարութեան թիրախներն են յառաջիկայ 5 տարիներուն համար:

Հայաստանի կառավարութիւնը քաջատեղեակ է այն սպասելիքներուն, որոնք ունի հասարակութիւնը եւ իր ծրագիրին մէջ հաշուի առնուած են այդ սպասելիքները: Ազգային ժողովի մէջ կառավարութեան ծրագրի քննարկման ժամանակ այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան: «Մենք յստակ կը պատկերացնենք մեր ներկան, գիտենք ինչ խնդիրներ եւ հնարաւորութիւններ ունինք: Ունինք նաեւ ապագայի յստակ տեսլական, գիտենք, թէ ինչ պէտք է փոխել: Մենք կը ներկայացնենք առարկայական ծրագիր»,-­  ընդգծած է վարչապետը:

Հայաստանը փոքր եւ քիչ աղբիւրներ ունեցող երկիր է, որուն սահմաններուն մեծ մասը փակ է: «Հայաստան ծովային ելք չունեցող երկիր է, որուն չորս սահմաններէն միայն երկուքը բաց է: Մեր երկիրը կը բախի տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն, որոնք կը սպառնան մեր անվտանգութեան: Այս պարունակին մէջ առանցքային է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգ զարգացման իրաւաքաղաքական, ռազմական կայուն երաշխիքներու ձեւաւորման խնդիրը: Մենք կանգնած ենք մեր սահմանները պաշտպանելու մարտահրաւէրներուն առջեւ: Այս հանգամանքներէն մեկնած` մենք պէտք է շարունակենք զարգացնել մեր ռազմական կարողութիւնները` ապահովելով զինուած ուժերու մարտունակութիւնը, մշտապէս կատարելագործումն ու համընթաց արդիականացումը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից սպառազինութիւնը: Այս ամէնը չեմ ըսեր հիասթափեցնելու համար: Մենք յստակ կը պատկերացնենք իրականութիւնը: Կան երկիրներ, որոնք գտնուած են աւելի վատ մեկնարկային պայմաններու մէջ, սակայն կրցած են ժամանակի ընթացքին հասնիլ աւելի լաւ պայմաններու: Մեր երկիրը շէն ու բարեկեցիկ դարձնելու բանալին մեր ձեռքն է: Մենք պիտի յաջողինք, եթէ անմնացորդ նուիրուինք մեր գործին, կրթուինք եւ քրտնաջան աշխատինք»,-­ ըսած է վարչապետը:

Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ իրենց աշխատանքի որակէն եւ հասարակութեան արձագանգէն կախուած է, թէ որքան արագ կը հասնին իրենց նախանշած նպատակներուն: «Մենք պատասխանատուութենէն չենք խուսափիր: Այս ծրագիրը կը ներկայացնէ մեր պատկերացումը եւ տեսլականը մեր երկրի զարգացման յառաջիկայ 5 տարիներուն համար: Այն նաեւ հիմքեր կը ստեղծէ մեր երկրի երկարաժամկէտ զարգացման համար: Ծրագրի հիմքին մէջ դրուած է անվտանգ, արդար եւ խելացի Հայաստան ունենալու տեսլականը»,-­ ըսած է ան:

«Ելք» դաշինքի պատգամաւորները քանի մը անգամ հարց հնչեցուցած են, թէ ինչպէս Հայաստանը կրնայ զարգանալ, ներդրումներ ներգրաւել, եթէ անորոշութիւնը գլխաւոր հարցի շուրջ կը շարունակուի՝ յայտնի չէ, թէ ով վարչապետ պիտի ըլլայ 2018 թուականէն ետք, երբ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան երկրորդ ժամկէտի աւարտէն ետք Կառավարութիւնը Սահմանադրութեան պահանջով հրաժարական ներկայացնէ:

Էտմոն Մարուքեանի հարցերուն Կարէն Կարապետեանի խուսափողական պատասխանները լսելէ ետք, հարցը երրորդ անգամ ձեւակերպած է Նիկոլ Փաշինեանը․ – «Դուք իմ գործընկերոջ հարցին պատասխանելիս ասացիք հետեւեալը՝ բազմաթիւ անգամ պատասխանել եմ այդ հարցին: 18 թուին վարչապետ լինել-չլինելու, յաւակնել-չյաւակնելու վերաբերեալ: Գուցէ մենք ինչ-որ բան բա՞ց ենք թողել, խնդրում ենք նորից պատասխանէք»:

«Այս հարցը մի քիչ էլ կոռեկտութեան դաշտի մէջ է, դրա համար ուզում եմ ճիշդ հասկացուած լինի: Ես չեմ կարող պնդել, որովհետեւ հենց դա պնդում ես, դու միանգամից դառնում ես քննադատուող թիրախ: Ես պատրաստ եմ լինել վարչապետ: Էս պատասխանը բաւարա՞ր է», – արձագանգած է Կարէն Կարապետեանը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment