Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Որքան Կարելի է Հանդուրժել

Որքան Կարելի է Հանդուրժել

by MassisPost

Ապրիլեան  պատերազմէն աւելի քան տարի մը ետք, հայկական կողմը կը շարունակէ զոհեր տալ շաբաթական, իսկ երբեմն ալ ամէնօրեայ յաճախականութեամբ:

Վերջին մի քանի օրերուն չորս Հայ զինուորներ եւս զոհուեցան սահմանի վրայ, որոնք եկան աւելնալու վերջին ամիսներուն նահատակուած տասնեակ զինուորներու թիւին վրայ:

Յստակ է որ, Ատրպէյճան որոշած  է  վարել հայկական բանակը դանդաղօրէն արիւնաքամ ընելու քաղաքականութիւն, այդպիսով հասնելու համար իր նպատակներուն: Այս իմաստով յայտնի են թշնամիի ծրագիրները, սակայն  անծանօթ կը մնայ  հայկական կողմի ռազմավարութիւնը: Իւրաքանչիւր նման դէպքէն ետք կը յայտարարուի, որ համարժէք ու աւելի ծանր պատասխան պիտի տրուի նախայարձակ կողմին, հայկական պաշտպանական դիրքերը աւելի կ’ամրապնդուին, նոր սարքաւորումներ կը տեղադրուին եւ նման խոստումներ: Սակայն, ոչինչ կը փոխուի այն իրողութենէն, որ զինակոչուած հայ երիտասարդներու  դիակները, իրենց ծնողներուն կը վերադարձուին դագաղներու մէջ:

Մասնագէտ չըլլալով, դժուար է մեզի կարծիք յայտնել պատերազմական հարցերու շուրջ: Սակայն, իւրաքանչիւր հայ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ իրաւունք ունի հարց տալու թէ, նման դէպքերուն յաջորդող ինչպիսի քայլեր ձեռք կ’առնուին: Ինչպիսի պատասխանատուութեան կ’ենթարկուին այն հրամանատարները, որոնց ուսերուն վրայ դրուած է իրենց ենթակայութեան տակ գտնուող զինուորներու կեանքը ապահովելու պարտականութիւնը:

Երկար խօսուեցաւ ապրիլեան պատերազմէն դասեր քաղելու մասին: Միջին մակարդակի մի քանի ձեւական պաշտօնանկութիւններէն բացի, որեւէ բարձրաստիճան զինուորական պարտաւորուած չզգաց հրաժարական ներկայացնելու: Անոնցմէ ոմանք կը շարունակեն թանկարժէք մեքենաներով շրջագայիլ Երեւանի փողոցներով:

Հայաստանի մէջ կը կիրառուի պարտադիր զինուորական ծառայութիւն: Սակայն, այդ ծառայութիւնը «վերապահուած » է միայն աղքատ ընտանիքներու զաւակներուն: Շատերու  կարծիքով դրութիւնը պիտի շարունակէ այսպէս մնալ, մինչեւ այն ատեն որ, հարուստներու ու օլիկարխներու զաւակները  այլազան պատրուակներով  չեն զօրակոչուիր:

Երեւի թէ պէտք է սկսիլ այդտեղէն, որպէսզի ղեկավարութիւնը աւելի մօտէն զբաղուի սահմաններու վրայ տիրող անբնական կացութեամբ:

«ՄԱՍԻՍ »

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment