Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Կը Պատասխանէ Հայաստանի Իշխանութիւններու Մեղադրանքներուն

Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Կը Պատասխանէ Հայաստանի Իշխանութիւններու Մեղադրանքներուն

by MassisPost

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, Հայաստանի մէջ դեսպանª Փիոթր Սվիթալսքին արձագանգելով Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներու անցեալ շաբաթ հնչեցուցած մեկնաբանութիւններուն, թէ  դեսպանը փորձած  է միջամտել Հայաստանի ներքին քաղաքական հարցերուն, ըսած է որ հայերը շատ լաւ կը հասկնան, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգները այլ տեղ թաքնուած են եւ ոչ թէ մեր բարեկամական աջակցութեան մէջ:

«Ես ինքս այնպիսի երկրէ եմ, որ շատ զգայուն է չմիջամտելու ինքնիշխանութեան վերաբերող հարցերուն, մենք կ’ապրինք փոխկապակցուած աշխարհի մէջ, մենք պէտք է ընդունինք, որ կան մեխանիզմներ, համաձայնութիւններ, պայմանագիրներ, աշխատանքային պայմանաւորուածութիւններ, որոնք միւսներուն հնարաւորութիւն կու տան արտայայտելու իրենց կարծիքը այն մասին, թէ ինչ կը կատարուի այս կամ այլ երկրին մէջ։ Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ հայերը իրենց սփիւռքի, քաղաքական աշխարհայեացքի շնորհիւ շատ լաւ կը հասկնան, որ ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգները այլ տեղ  թաքնուած են եւ ոչ մեր բարեկամական աջակցութեան մէջ», – ըսած է Սվիթալսքին:

Հայաստանի ընտրական գործընթացներու վերաբերեալ Եւրոմիութեան դեսպանը անցեալ շաբաթ խիստ գնահատական հնչեցուցած էր՝ առաջարկելով փոխել Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կազմը, այն քաղաքական հասարակութեան ներկայացուցիչներու ընդգրկմամբ դարձնել «արժանահաւատ», խօսած էր իրաւապահ համակարգի անկախութեան պակասի մասին, անդրադարձած էր ռեյթինկային համակարգի արդիւնաւէտութեան:

Սվիթալսքին շեշտեց, որ անցեալ շաբաթուան համաժողովին իր «բարեկամական ոգիով հնչեցուցած կարծիքին մէջ» որեւէ նորութիւն չէ եղած, եւ նոյն տեսակէտները ԵՄ-ն յայտնած է նախորդ յայտարարութիւններուն մէջ, աշխատանքային հաղորդակցութիւններու, դիտորդներու, այդ շարքին` Եւրոպական խորհրդարանի, պաշտօնական գնահատականներուն մէջ:

«Հարցեր կան, որոնց վերաբերեալ Եւրոմիութիւնը ոչ միայն իրաւունք ունի, այլեւ պարտաւոր է խօսիլ, եւ մենք միշտ այդ մէկը կ’ընենք, որովհետեւ մեր հայ գործընկերները ընդունած են որոշակի պայմանաւորուածութիւններ մեր ներգրաւուածութեան վերաբերեալ։ Շատ հարցեր կը բխին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած   համաձայնագիրներէն։ Ի՞նչ կը նշանակէ սա. երբ երկու կողմերու միջեւ պայմանագրային պայմանաւորուածութիւն կայ, ոչ միայն մեր իրաւունքն է որպէս պայմանագրի կողմ, այլեւ իմ պարտաւորութիւնս է խօսիլ անոր մասին։ Այդ շրջանակի հարցերէն են, օրինակ, կաշառակերութեան դէմ պայքարը, մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան հարցերը», – շեշտած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպանը:

Անդրադառնալով մասնաւորապէս Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանի ընտրութիւններուն աւելի քան 7 միլիոն եւրո  յատկացումով՝ Փիոթր Սվիթալսքին շեշտած է, որ այդ աջակցութիւնը ԵՄ-ն Հայաստանին տրամադրած է Հայաստանի իշխանութիւններու յստակ խնդրանքէն ետք եւ երբեք չէ փորձած պարտադրել  դրամական աջակցութիւն։

Խօսելով ընտրութիւններու վերաբերեալ իր հնչեցուցած գնահատականէն ետք Հայաստանի իշխանութիւններու հետ ծաւալուած հեռակայ բանավէճի մասին՝ Եւրոմիութեան դեսպանը նշած է, որ հանրային քննարկումներուն մէջ կարեւոր է հետեւիլ տարրական կանոններու․ – «Նախ յարձակում գործելէ առաջ հարկաւոր է ճշդել՝ ինչ ըսուած է, լսել ձայնագրութիւնը, դիտել տեսագրութիւնը եւ մտածել եզրակացութիւններ ընելէ առաջ: Ապա հարկաւոր է յարգել զրուցակիցը»։

Եւրոմիութեան պատուիրակութեան տարբեր խնդրանքներով դիմող Հայաստանի քաղաքացիները, ըստ Սվիթալսքիի, վերջին օրերուն կապ հաստատած են իրենց հետ՝ աջակցութիւն յայտնելու ԵՄ պատուիրակութեան գործունէութեան․ – «Մենք կը գիտակցինք, որ Հայաստանի մէջ շատ մարդիկ կան, որ կը հաւատան մեզ, կը հաւատան, որ ԵՄ-ն լաւ գործ կ’ընէ Հայաստանի մէջ։ Մեզի համար այս աջակցութիւնը քաջալերանքի մեծ աղբիւր է», յայտարարծ է Եւրոմիութեան դեսպանը:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment