Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Բաբայեանին Առաջադրուած Մեղադրանքները Փոխուած են. «Իգլայի» Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտած է

Բաբայեանին Առաջադրուած Մեղադրանքները Փոխուած են. «Իգլայի» Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտած է

by MassisPost

«Իգլայի» գործով նախաքննութիւնը աւարտած է։ Այս գործով մօտ երեք ամիս կալանքի մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանին առաջադրուած մեղադրանքները փոփուած են։

Բաբայեանի փաստաբան Աւետիս Քալաշեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ Արցախի հերոսը այժմ կը մեղադրուի զէնքի ապօրինի շրջանառութեան եւ փողերու լուացման մէջ։

«Զէնքերի մաքսանենգութիւնը դուրս է եկել», – ըսած է Քալաշեան։

Ճշտող հարցին, թէ Բաբայեանը կապ չունի՞ զէնքի ներկրման հետ, փաստաբանը պատասխանած է. – «Եթէ այդ առումով մեղադրանքը վերացուել է, ուրեմն, այո՛, կապ չունի։ Աւելացել է 190 յօդուածի 1-ին մասը [փողերի լուացումը]»։

Յիշեցնենք՝ Սամուէլ Բաբայեանը ընդդիմադիր «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի համակիր է եւ ձերբակալուած է  22 մարտին, երկու օր անց՝ երկու ամիսով կալանաւորուած է։

Բաբայեանը կը մեղադրուէր Քրէական օրէնսգիրքի 235 յօդուածի երկրորդ մասի եւ 235.1 յօդուածի երկրորդ մասի առաջին կէտի յատկանիշներով՝ ապօրինի կերպով ռազմամթերքի, ռազմական սարքերու ձեռք բերելը, իրացնելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը, մաքսանենգութիւնը, որոնք կատարուած են խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment