Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Սասնայ Ծռեր» Խումբի Ահազանգ-Յայտարարութիւնը

«Սասնայ Ծռեր» Խումբի Ահազանգ-Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Արձագանգելով «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ գտնուող Արթուր Սողոմոնեանի, Արմէն Լամբարեանի, Արամ Յակոբեանի եւ Խաչիկ Գիչեանի պահման պայմաններու մասին հրապարակուած յայտարարութեան՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ներկայացուցիչները այցելած են «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» քրէակատարողական հիմնարկ՝  ծանօթանալու համար խնդիրի մանրամասներուն:

Աւելի վաղ NEWS.am-ը յայտնած էր, որ «Սասնայ ծռեր» խումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր նշած է, որ «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»ին մէջ աննախադէպ ճնշումներ սկսած են այնտեղ գտնուող Սասնայ Ծռեր Արթուր Սողոմոնեանի, Արմէն Լամբարեանի, Արամ Յակոբեանի, եւ նաեւ՝ Խաչիկ Գիչեանի նկատմամբ։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է. «Փաստաբան Մուշեղ Շուշանեանը տեղեկացնում է, որ բոլոր 4 քաղբանտարկեալների դռների վրայ կողպէքներ են տեղադրուել, մինչդեռ հիւանդասենեակներում գոյութիւն չունեն մարդու կեանքի համար տարրական պայմաններ` ջուր եւ պէտքարանի։

Քաղբանտարկեալները գտնւում են հեղձուցիչ պայմաններում։ Չկայ օդափոխութեան հնարաւորութիւն։ Հիւանդանոցի տնօրինութիւնը այս հարցի կապակցութեամբ ասել է, որ անհրաժեշտութեան դէպքում հիւանդասենեակների դռները կը բացուեն, եւ նրանք կը կարողանան օգտուել միջանցքում գտնուող ջրից եւ պէտքարանից։ Սակայն երէկ Արթուր Սողոմոնեանին բժիշկ է անհրաժեշտ եղել, եւ նա երկար ժամանակ թակել է դուռը, սակայն՝ ապարդիւն։ Բժիշկը յայտնուել է միայն այն ժամանակ, երբ Արթուրը սկսել է կոտրել հիւանդասենեակի դուռը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment