Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ձերբակալութիւններ ԱՄՆ-ի մէջ` Թուրքիոյ Դեսպանատան Ծեծկռտուքի Գործով

Ձերբակալութիւններ ԱՄՆ-ի մէջ` Թուրքիոյ Դեսպանատան Ծեծկռտուքի Գործով

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու մէջ երկու թուրք ձերբակալուած է անցած ամիս` նախագահ Էրտողանի այցի օրերուն, Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրի մօտ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի գործով:

Ուաշինկթընի ոստիկանութեան հաղորդմամբ, ձերբակալուածներէն մէկը Սինան Նարինն է` Վըրժինիայէն, միւսը` Էյուպ Եըլտըրըմը Նիւ Ճըրզիէն. երկուքն ալ կը մեղադրուին Էրտողանի դէմ բողոքող խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակելու համար:

Պաշտօնական աղբիւրներ չեն յստակեցներ` ձերբակալուածները Էրտողանի աջակիցնե՞րն են, թէ՞ անոր անվտանգութեան աշխատակիցները:

Foreign policy պարբերականը, յղում ընելով Ուաշինկթընի մէջ գործող Washington Hatti թրքալեզու կայքին, կը նշէ, թէ Եըլտըրըմը Նիւ Ճըրզիի մէջ գործող շինարարական ընկերութեան մը սեփականատէր է եւ, ըստ հաղորդումներու, ծեծկռտուքի ամենաաշխոյժ մասնակիցներէն մէկը:

New York Times-ը աւելի վաղ սեփական հետաքննութիւնն ըրած էր եւ, ուսումնասիրելով տեսանիւթերը, արձանագրած էր` ինչպէս ձերբակալուածները կը հարուածէին ու գետին կը տապալէին ցուցարար կիները: Անոնցմէ մէկը թերթի հետ զրոյցի ընթացքին պնդած էր, թէ այդ քայլին դիմած է ինքնապաշտպանութեան համար:

BuzzFeed News-ին տուած պարզաբանման մէջ ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան պաշտօնեան նշած է. – «Մենք կը հաստատենք պատասխանատուութեան ենթարկել 16 մայիսին տեղի ունեցած այդ մտահոգիչ բռնութեան մեղաւորներուն, եւ հիմա, երբ կան առաջադրուած մեղադրանքներ, մենք պիտի կշռադատենք ձերբակալուածներու նկատմամբ լրացուցիչ պատժամիջոցներու հնարաւորութիւնները, որոնք պիտի առաջադրուին  մեղադրանքներու համաչափով»:

erdogan-guards

Ամերիկացի պաշտօնեաները անանուն մնալու սկզբունքով հաղորդած են նաեւ, որ ոստիկանութիւնը պարզած է ծեծկռտուքի 42 մասնակիցներէն 34-ի ինքնութիւնը, եւ չի բացառուիր, որ յառաջիկային ըլլան նոր ձերբակալութիւններ: AP գործակալութեան հաղորդմամբ, Ուաշինկթընի քաղաքապետի եւ ոստիկանապետի մասնակցութեամբ ասուլիսին պիտի յայտարարուի նաեւ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շուրջ մէկ տասնեակ աշխատակիցներու մեղադրանք առաջադրելու մասին: Գործակալութիւնը կը փաստէ, որ Էրտողանի թիկնապահները նախագահի հետ հայրենիք վերադարձած են եւ յստակ չէ, թէ հիմա ամերիկեան իրաւապահ մարմինները անոնց ինչպէս պատասխանատուութեան պիտի ենթարկեն: «Այդուամենայնիւ, անոնք կրնան կանգնիլ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու պարագային ձերբակալման սպառնալիքի առջեւ, կամ վտարուիլ Նահանգներէն, եթէ դեռ կը գտնուին երկրի տարածքին»,-փաստած է AP-ը ընդգծելով՝ այս աւելի կը սրէ երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ ի յայտ եկած այս ճգնաժամը:

Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը դեռ կը հրաժարի մեկնաբանել ծագումով թուրք երկու ամերիկացիներու ազատազրկումը:

Աւելի վաղ պաշտօնական Անգարան կատարուածի մէջ մեղադրած էր ցուցարարներուն, պնդելով, թէ անոնք «թշնամական կերպով սադրած են Նահանգներու մէջ բնակող թուրքերուն, որոնք հաւաքուած էին` նախագահ Էրտողանին ողջունելու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment