Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Դեսպանը Կ’առաջարկէ Փոփոխել ԿԸՀ-ի Կազմը՝ Այն Դարձնելով «Արժանահաւատ»

ԵՄ Դեսպանը Կ’առաջարկէ Փոփոխել ԿԸՀ-ի Կազմը՝ Այն Դարձնելով «Արժանահաւատ»

by MassisPost

«Լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակումներ եղան այն մասին, թէ բարոյական ինչպիսի ճգնաժամ կայ դպրոցներուն մէջ՝ փող բաժնելու դէպքեր, մարդիկ ծեծի  ենթարկուած են, ընդհանրապէս` խայտառակ դէպքեր։ Մասնաւոր հիմնարկներու աշխատողները բռի, անկիրթ վերաբերմունքի արժանացած են` ձայն բերելու համար»,- երէկ կայացած համաժողովին յայտարարած է Փիոթր Սվիթալսքին։

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքիի կարծիքով, Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու կազմակերպմամբ զբաղուող Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կազմը պէտք է փոփոխուի: Ըստ դեսպանի, անհրաժեշտ է յանձնաժողովին մէջ ներառել նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ:

Սվիթալսքին երէկ Եւրոպայի խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած՝ ընտրական զարգացումները ամփոփող համաժողովին նաեւ յայտարարած է՝ ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը կը փորձէ Ընտրական օրէնսգիրքը համապատասխանեցնել իր շահերուն։

«Ես բարձր կը գնահատեմ ԿԸՀ-ի աշխատանքը, սակայն այդ կառոյցը պէտք է հանրային մեծ վստահութիւն վայելող ըլլայ։ Խօսքը ընկալումներու մասին է։ Կը կարծեմ` ԿԸՀ-ի կազմը պէտք է ընդլայնուի, այնտեղ պէտք է ներառուին քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ։ Հայերուն իմ խորհուրդն է՝ մտածէք` ինչպէս ԿԸՀ-ն դարձնել արժանահաւատ։ Եթէ յանձնաժողովը կ’ուզէ, որ հանրութիւնը վստահի իրեն, ապա պէտք է ունենայ արժանահաւատ գործող կառոյց»,- ըսած է դեսպանը:

Սվիթալսքին աւելցուցած է՝ Հայաստանը Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծի քննարկման ընթացքին բաւական մեծ յաջողութիւն գրանցեց, երբ ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը որոշեցին նստիլ մէկ սեղանի շուրջ ու քննարկել խնդիրները, այդուհանդերձ, նկատելով․ «Առկայ համաձայնութիւնը  ընտրական օրէնսգիրքի շուրջ ներառած է այդ օրէնսգիրքի սահմանափակ թիւով կէտեր: Կային կէտեր, որոնք չընդունուեցան: Խօսքը ռէյթինկային ցուցակներու մասին է:

Յաջորդ համապետական ընտրութիւնները բաւական հեռու են, ես այստեղ չեմ ըլլար, շատ փորձագէտներ այստեղ չեն ըլլաէ, երեւի շատ բաներ մոռցուած կ’ըլլան»,- նաեւ ըսած է Սվիթալսքին, յոյս յայտնելով, որ 2-3 տարի յետոյ, երբ Հայաստանը մօտենայ յաջորդ ընտրութիւններուն, երկրի մէջ զգալի փոփոխութիւններ կատարուած կ’ըլլան:

Փիոթր Սվիթալսքին երէկ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի իրաւապահ համակարգին, նշելով՝ եթէ իրաւապահ մարմինները չեն դիտուիր անկախ ու չէզոք, ապա երբեք չեն կրնար համոզել մարդոց, թէ ի շահ հանրութեան կը գործեն։ «Թէեւ իրաւապահ համակարգը պետութեան բաղկացուցիչ մասն է, այն պէտք չէ ընկալուի որպէս քաղաքական էլիթայի շահերուն ծառայող համակարգ։ Հանրային ընկալումները պէտք է փոխել»,- ըսած է ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարը:

Եւրոպայի խորհուրդի կազմակերպած «Ընտրական զարգացումները Հայաստանի մէջ. քաղուած դասերը եւ յետագայ քայլերը» խորագրով երէկ կայացած համաժողովը ընթացած էր «Երկարաժամկէտ ընտրական աջակցութիւն Հայաստանում ընտրութիւնների հետ առնչուող շահագրգիռ կողմերին» ծրագրի ծիրէն ներս: Եւրամիութեան ֆինանսաւորմամբ կազմակերպուած համաժողովին ներկայ եղած էր նաեւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment