Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Երեք Զինծառայող Զոհուած է

Արցախի Մէջ Երեք Զինծառայող Զոհուած է

by MassisPost

Արցախի մէջ 16 Յունիսին, հակառակորդի կրակոցի հետեւանքով 3 զինծառայող զոհուած է: Այս մասին  կը տեղեկացնէ Արցախի ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:

16 Յունիսին՝ ժամը 18:05-ի սահմաններուն, հակառակորդը հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետերէ խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ, ինչի հետեւանքով մահացու վիրաւորումներ ստացած են ՊԲ զինծառայողներ Արայիկ Ռուտիկի Մատինեանը (ծնեալ 1997թ.), Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեանը (ծնեալ 1997թ.) եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեանը (ծնեալ 1997թ.):

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment