Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յիշելով Հնչակեան Քսանները

Յիշելով Հնչակեան Քսանները

by MassisPost

Այս օրերուն կը նշենք Հնչակեան  Քսան Կախաղաններու 102-րդ տարելիցը: Արդարեւ` 2015 թուականի Յունիսի 15-ին, Պոլսոյ «Պայազիտ» հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացուեցան Կուսակցութեան քսան կարկառուն ղեկավարներ, այն օրերուն երբ Հայ  ժողովուրդը կ’անցնէր ցեղասպանութեան արհաւիրքի ընդմէջէն:

Քսանները եղան առաջինը, որոնք կանխատեսեցին հայութեան սպառնացող ճակատագիրը ու թրքական կառավարութեան հրէշային ծրագիրները, որոնք կը միտէին բնաջինջ ընել Արեւմտեան Հայաստանի ողջ բնակչութիւնը ու մեր պատմական բնօրրանը պարպել իր հարազատ ժողովուրդէն:

Քսանները չկարողացան գործադրութեան դնել 1913 թուականի Կուսակցութեան համագումարի որոշումները` ահաբեկելու Երիտասարդ Թուրքերու պարագլուխները: Մատնութեան հետեւանքով անոնք ձերբակալուեցան ու ապա դատապարտուեցան մահապատիժի:

«Դուք մեզ քսաններս կը կախէք, սակայն քսան հազարներ պիտի գան մեր վրէժը լուծելու» պատգամելով, Քսանները անմահացան Հնչակեան շարքերու գիտակցութեան մէջ: Անոնց յիշատակին ձօնուեցան տասնեակ բանաստեղծութիւններ ու երգեր, լոյս տեսան պատմական, քաղաքական ու գեղարուեստական հատորներ` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Վերջին տարիներուն Քսաններու մասին հետաքրքրութիւն  յառաջացաւ նաեւ Թուրքիոյ յառաջդիմական  շրջանակներուն մօտ: Քսաններու ղեկավար Փարամազի գործերը թարգմանուեցան թրքերէնի, իսկ  անոնց նահատակութեան  98-ամեակին առթիւ, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան յիշատակի հանդիսութիւններ:

Հնչակեան Կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, իր ծննդավայր Մեղրիի մէջ կանգնուեցաւ Փարամազի յուշարձանը,  սակայն մինչեւ օրս չէ իրականացած մեր շարքերու եւ համակիրներու ցանկութիւնը,   Երեւանի  փողոցներէն մին կոչելու Քսաններու անունովª հակառակ  բազմաթիւ դիմումներու: Ժամանակը  եկած է ու նոյնիսկ անցած, որ այդ անուանակոչումը դառնայ իրականութիւն եւ Քսանները ունենան իրենց արժանի տեղը` Հայոց մայրաքաղաքին մէջ:

Նման քայլ մը, ոչ միայն պիտի գայ արժանի յարգանք մատուցելու Հայրենիքի համար զոհուած նահատակներու յիշատակին, այլ  նաեւ` նպաստելու  Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման, որու  մասին  կը  խօսինք անդադար:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment