Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Ընդդիմութեան Պնդմամբ, Իշխանութիւնը Գիտցած է Յեղաշրջման Մասին, Բայց Չէ Կանխած՝ «իր Նպատակներուն Հասնելու Համար»

Թրքական Ընդդիմութեան Պնդմամբ, Իշխանութիւնը Գիտցած է Յեղաշրջման Մասին, Բայց Չէ Կանխած՝ «իր Նպատակներուն Հասնելու Համար»

by MassisPost

Թուրքիոյ հիմնական ընդդիմադիր ուժը՝ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութիւնը կը պնդէ, որ անցեալ տարուայ յեղաշրջման փորձը վերահսկուած է իշխանութեան կողմէ: Ըստ ԺՀԿ-ի, իշխանութիւնները գիտցած են յեղաշրջման փորձի մասին, այն չեն կանխած եւ ստեղծուած իրավիճակէն օգուտներ քաղած են՝ իրենց նպատակներուն հասնելու համար:

Նման պնդումներ տեղ գտած են Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորներու կազմած 307 էջանի զեկոյցին մէջ: Ընդդիմադիրները այդպիսով արձագանգած են խորհրդարանական յանձնաժողովի նախնական այն զեկոյցին, որ կազմուած է 2016-ի 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձի ուսումնասիրման, անոր կազմակերպիչներու բացայայտման ուղղուած աշխատանքներու արդիւնքով:

«2016-ի յուլիսի 15-ի դաւաճանական յեղաշրջման փորձէն ետք ի յայտ եկած փաստերը ցոյց կու տան, որ անոր մասին շատոնց յայտնի էր: Իշխանութիւնները այն ակնկալած են եւ դիտարկած որպէս հնարաւորութիւն՝ իրենց վերջնական նպատակին հասնելու համար»,- նշուած է թուրք ընդդիմադիրներու զեկոյցին մէջ:

Ընդդիմադիր օրէնսդիրներու պնդմամբ, դատախազութեան նիւթերու ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ յեղաշրջման փորձի նախապատրաստումը սկսած է 2015-ի վերջերուն, եւ անոր մէջ ներգրաւուած մարդոց անունները յայտնի եղած են հետախուզական ծառայութեան: Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ յեղաշրջման փորձը չէ կանխուած, հակառակ այն հանգամանքին, որ նախօրէին՝ յուլիսի 14-ին 6-ժամեայ հանդիպում ունեցած են Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MIT) ղեկավար Հաքան Ֆիտանը եւ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ՝ զօրավար Հուլուսի Աքարը:

Զեկոյցին մէջ յղում կայ նաեւ ուղղաթիռի օդաչուի ցուցմունքին մասին, որու անունը գործի նիւթերուն մէջ նշուած է որպէս մայոր O.K.: Ան ցուցմունք տուած է, որ իր անմիջական հրամանատարներու յանձնառութիւններէն ետք՝ 15 յուլիսի ցերեկը գացած է Ազգային հետախուզական ծառայութեան կեդրոնակայան եւ հաղորդած տուել հնարաւոր յեղաշրջման մասին: Թրքական ընդդիմութեան պնդմամբ, սա յստակ ապացոյց է այն իրողութեան, որ իշխանութիւնները անտեսած են յեղաշրջման մասին տեղեկութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment