Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Նախագահը Ծանօթացեր է ԼՂ Հիմնախնդիրին Հետ Կապուած Իրավիճակին. Վիսքոնթի

Ֆրանսայի Նախագահը Ծանօթացեր է ԼՂ Հիմնախնդիրին Հետ Կապուած Իրավիճակին. Վիսքոնթի

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ծանօթացեր է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան իրավիճակին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին 12 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ ըսած է Ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթին:

«Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ծանօթացեր է իրավիճակին: Ինծի համար հաճելի է ըլլալ Արցախի մէջ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրադրութեան: Մեզի համար անվտանգութեան եւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի խնդիրները շատ կարեւոր են: Ֆրանսան, ԱՄՆ-ն եւ Ռուսաստանը կը գործադրեն հնարաւոր բոլոր ջանքերը, որպէսզի այդ հարցին մէջ առաջընթաց գրանցեն»,- մասնաւորապէս ըսած է Սթեֆան Վիսքոնթին:

Ան յայտնած է նաեւ, որ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի փակման հարցը պիտի քննարկուի Վիեննայի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment