Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԽ Համանախագահները Բակօ Սահակեանի Հետ Քննարկած են Արցախի ու Ատրպէյճանի Սահմանին Տիրող Իրավիճակը

ՄԽ Համանախագահները Բակօ Սահակեանի Հետ Քննարկած են Արցախի ու Ատրպէյճանի Սահմանին Տիրող Իրավիճակը

by MassisPost

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ռիչըրտ Հոկլընտը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

«Բակօ Սահակեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան, զինադադարի խախտումներու եւ միջազգային սկզբունքներու ոտնահարման բազմաթիւ փաստերու վրայ` զանոնք որակելով որպէս հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտներ եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման լուրջ վտանգներ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի նախագահը վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment