Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Ատրպէյճանի Կողմէ Հրադադարի Խախտումներու Վիճակագրութիւնը Ներկայացուած է ԵԱՀԿ-ին

Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Ատրպէյճանի Կողմէ Հրադադարի Խախտումներու Վիճակագրութիւնը Ներկայացուած է ԵԱՀԿ-ին

by MassisPost

Հայ – ատրպէյճանական պետական սահմանին տիրող իրավիճակը, ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու վիճակագրութիւնը ներկայացուած է ԵԱՀԿ պաշտօնեաներուն չորեքշաբթի օր սահմանագօտիի հերթական դիտարկումէն ետք  Տաւուշի մարզի Այգեպար գիւղին մէջ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան՝ այսօր տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներու ուշադրութիւնը հրաւիրուած է յատկապէս սահմանամերձ գիւղերու եւ ճանապարհներու ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժի արձակած կրակոցներուն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հայկական կողմին ներկայացուած տուեալներուն համար` ԵԱՀԿ պաշտօնեաները նշած են, որ անոնք պիտի ներառուին իրենց զեկոյցներուն մէջ:

Հայկական կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ (ԳՆԱՆ) դեսպան Անճէյ Քասփշիկը եւ անոր դաշտային օգնականները: Սահմանային դիտարկման ընթացքին կրակի դադարեցման ռեժիմի խախտումներ չեն արձանագրուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment