Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխանութիւնները կը Պնդեն, որ Հնարաւորինս Բացառած են «Գողութիւնները»

Իշխանութիւնները կը Պնդեն, որ Հնարաւորինս Բացառած են «Գողութիւնները»

by MassisPost

Պետական գնումներու ոլորտէն ներս իրականացուած փոփոխութիւնները հնարաւորինս կը բացառեն «գողութիւնները», երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման վստահեցուցած է  ելեւմուտքի նախարարութեան պետական գնումներու մեթոդաբանութեան վարչութեան պետ Սերկէյ Շահնազարեանը:

«Մենք փորձել ենք օրէնսդրութիւնը այնպէս կառուցել, որպէսզի այդ կարգի դրսեւորումներ չլինեն կամ գոնէ դրանք նուազագոյնի հասցուեն», – նշած է Շահնազարեանը: – «Դրա համար նոր համակարգ սկսեց գործել, որը բաւականին բարդացնում է այդ դրսեւորումները: Բայց մենք խօսում ենք 3800 պատուիրատուի մասին, ու հնարաւոր է, որ մէկը մի տեղ, ինչ-որ մի գործողութիւն ճիշդ չանի: Բայց համակարգը այնպէս է կառուցուած, որ օրինակ ցածր գին տուող մարդը չի կարող մրցոյթից դուրս մնալ», – աւելցուցած է ան:

Նախորդ տարի՝ պաշտօնը ստանձնելէն օրեր անց, վարչապետ Կարէն Կարապետեանը խօսած էր պետական գնումներու ոլորտէն ներս կատարուող իւրացումներու   եւ դրամաշորթման  մասին, սակայն այս յայտարարութենէն ետք այդպէս ալ իրաւապահները որեւէ մէկուն պատասխանատուութեան չենթարկեցին:

Գնումներու ոլորտը համակարգող մարմինի ներկայացուցիչի պնդմամբ այս տարուայ ապրիլէն ուժի մէջ մտած գնումներու մասին նոր օրէնքը հնարաւորինս թափանցիկ կը դարձնէ պետական պիւտճէէն իրականացուող գնումները:

«Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակակաշառակերական կեդրոնի ծրագիրներու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեանը համաձայն է, որ գնումներու մասին նոր օրէնքը վերահսկողութեան լծակներ աւելցուցած է, սակայն աւելցուցած է․ – «Ինչքան ուզում ես օրէնքը կատարելագործի, եթէ չկայ ցանկութիւն նորմալ աշխատելու, գողութիւնը կը շարունակուի»:

Նախորդ տարի «Թրանսփարընսի ինթընաշընլ» հակակաշառակերական կեդրոնը զեկոյց հրապարակած է, ըստ որու՝ 2015 թուականին պետական գնումներու 70 տոկոսը իրականացուած է մէկ անձէ գնման եղանակով՝ այսինքն առանց բաց մրցոյթի:

Երէկ  ելեւմուտքի նախարարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ 2015-ին մէկ անձէ կատարուող գնումները կազմած են ընդհանուր գնումներու միայն 18.7 տոկոսը, իսկ նախորդ տարի այս թիւը աւելի կրճատուած է՝ հասնելով 7.2 տոկոսի:

Հասարակական կազմակերպութեան եւ պետական վիճակագրութեան նման տարբերութեան պատճառը այն է, որ հակակաշառակերական կեդրոնը հաշուած է նաեւ բնական մենաշնորհներ հանդիսացող գնումները, պարզաբանած է նախարարութեան ներկայացուցիչը:

«Այլընտրանք չկայ ուղղակի՝ ասենք հոսանքը, ջուրը կամ    բժշկական ծառայութիւնները առնել մրցոյթներով», – նշած է Սերկէյ Շահնազարեանը:

Մինչդեռ, հակակաշառակերական կեդրոնի ներկայացուցչի պնդմամբ առանց բաց մրցոյթի իրականացուած գնումներու վիճակագրութեան մէջ իրենք ներառած են նաեւ բնական մենաշնորհներ հանդիսացող գնումները, քանի որ անոնք եւս վիճայարոյց են:

Ֆինանսներու նախարարութեան ներկայացուցիչը նաեւ փոխանցած է, որ այս տարի պետական գաղտնիք չպարունակող, մրցակցային պայմաններով պետական գնումներու վրայ նախատեսուած է ծախսել 87 միլիառ դրամ, անցած տարի ծախսուած էր աւելի շատ՝ 90.5 միլիառ դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment