Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Շաւարշ Քոչարեան․ Քաթարի Շուրջ Ծագած Խնդիրը «Մեր Դաշտից Դուրս է»

Շաւարշ Քոչարեան․ Քաթարի Շուրջ Ծագած Խնդիրը «Մեր Դաշտից Դուրս է»

by MassisPost

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութենէն ետք Իրանի մէջ ահաբեկչական յարձակման երէկ անդրադարձած է փոխ-արտաքին գործոց նախարար Շաւարշ Քոչարեանը՝ վերահաստատելով, որ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Իրանի մէջ տեղի ունեցած յարձակումները:

«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Իրանում, շատ դատապարտելի է: Բայց փաստ է, որ սա պահանջում է տարբեր ուժերի, եւ առաջին հերթին գերտերութիւնների համագործակցութիւն», – աւելցուցած է Քոչարեանը:

Փոխ-արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ այսօր որեւէ երկիր ապահովագրուած չէ նման վտանգէ՝ աւելցնելով, որ միեւնոյն ժամանակ ըսել, թէ Քաթարը վտանգ կը ներկայացնէ ահաբեկչութեան տեսանկիւնէ, ճիշդ չըլլար։

Յիշեցնենք, անցեալ շաբաթ Հայաստանը վերացուց մուտքի արտօնագիրը Քաթարի քաղաքացիներու համար, ինչին յաջորդած է արաբական այդ երկրի շուրջ ծագած դիւանագիտական ճգնաժամը, երբ երեքշաբթի 7 արաբական պետութիւններ յայտարարեցին Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզելու մասին՝ պնդելով, թէ այդ երկիրը կ’աջակցի ահաբեկիչներուն եւ ծայրայեղ իսլամիսթներուն։

«Մեր գիծը՝ կապուած ընդհանուր առմամբ զբօսաշրջութեան հետ, խթանման հետ, շարունակուելու է: Քաթարը ընդամէնը պետութիւններից մէկն է: Մօտակայ ժամանակ կը լինի եւս մի վեց պետութիւն, որոնց հետ այդ ազատականացումը կ’անենք: Մենք նաեւ պէտք է հաշուի առնենք, որ տարածաշրջանում, ասենք նոյն Վրաստանը շատ աւելի մեծ թուով երկրների համար ազատականացում է իրականացրել, եւ բնական է, որ դա բերել է նրան, որ զբօսաշրջութիւնը նաեւ այդ պատճառով այնտեղ աւել է»:

Անցեալ ամիս Հայաստանի նախագահի՝ Քաթար կատարած պաշտօնական այցէն ետք, երբ ձեռք բերուեցան համագործակցութեան շարք մը պայմանաւորուածութիւններ, երէկ Շաւարշ Քոչարեանը նշած է, որ Քաթարի շուրջ ծագած խնդիրը «մեր դաշտից դուրս է»․ – «Ես կարծում եմ, տարբեր պատճառներ կարելի է նշել, բայց․․․ այդ խնդիրը մեր դաշտից դուրս է»:

Արաբագէտ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Դաւիթ Յովհաննիսեանի կարծիքով՝ վերջին շրջանին հայ-քաթարական յարաբերութիւններու աշխուժացման շրջանակէն ներս  Հայաստանի մէջ յոյս ունէին, թէ ուժանիւթակիրներով հարուստ Քաթարը կրնայ հետաքրքրուած ըլլալ Հայաստան ներդրումներ կատարելով: Սակայն այժմ ճգնաժամի մէջ յայտնուելէ ետք, ըստ արաբագէտի, Պարսից ծոցի այդ երկրի համար հայ-քաթարական յարաբերութիւններու զարգացումը երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող հարց է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment