Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը Միաձայն Հաստատած է Էրտողանի Թիկնապահներու Պահուածքը Դատապարտող Բանաձեւը

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը Միաձայն Հաստատած է Էրտողանի Թիկնապահներու Պահուածքը Դատապարտող Բանաձեւը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը անցեալ գիշեր քուէներու 397 կողմ, 0 դէմ յարաբերակցութեամբ հաստատած է խումբ մը գոնկրեսականներու հեղինակած բանաձեւը, որով ամերիկացի օրէնսդիրները կը պահանջէին պատասխանատուութեան ենթարկել 16 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ` Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրի մօտ տեղի ունեցած միջադէպի մեղաւորները:

Յիշեցնենք, այդ օրը պաշտօնական այցով Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ռեճեփ Էրտողանին ուղեկցող անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները բռնութիւն կիրառեցին Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրի առջեւ հաւաքուած մօտ երկու տասնեակ ցուցարարներու նկատմամբ:

Աւելի քան մէկ ժամ շարունակուած քննարկման ընթացքին ամերիկացի օրէնսդիրները խստօրէն քննադատած էին Թուրքիոյ նախագահի պահուածքը, ինչպէս նաեւ Պետական քարտուղարութենէն պահանջած էին ընել հնարաւորը` յետագային նմանատիպ միջադէպերը բացառելու նպատակով:

«Միացեալ Նահանգները չի հանդուրժեր բռնութիւնները խաղաղ ցուցարարներու հանդէպ մեր երկրի տարածքին: Միանշանակ է, որ մեղաւորները պէտք է պատժուին», – յայտարարած էր բանաձեւի հեղինակներէն մէկը` Մերիլանտէն ընտրուած դեմոկրատ Սթենի Հոյըրը:

Ամերիկեան Գոնկրեսի անդամները, ի դէպ, վստահ են, որ 16 Մայիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած միջադէպը այն վերջին ազդակն էր, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը պէտք է դիտարկէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու արմատական վերանայման հարցը: Գոնկրեսականները յատուկ կը յիշեցնէին, որ Էրտողանի թիկնազօրի անդամներու մասնակցութեամբ նմանատիպ միջադէպեր ԱՄՆ տարածքին անցեալին եւս արձանագրուած էին` 2011 եւ 2016 թուականներուն: Այս մասին խօսած էր մասնաւորաբար Ուաշինկթընէն ընտրուած գոնկրեսական Էլիանոր Նորթընը:

«Մեր երկրի համար սա ցաւոտ խնդիր է, քանի որ Թուրքիան մեր դաշնակիցն է: Անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով՝ մեր երկիրը զգալի կախման մէջ կը գտնուի Թուրքիայէն: Եթէ անցեալին նման միջադէպեր չարձանագրուէին, մենք կրնայինք ենթադրել, որ թուրքերը պարզապէս անտեղեակ են մեր երկրի մէջ գործող կանոններէն: Բայց սա արդէն երրորդ նմանատիպ միջադէպն է, եւ այս ամէնը իրօք մտահոգիչ կը դառնայ: Պարոն Էրտողանը կը գտնուէր միջադէպի վայր, ան կրնար հանդարտեցնել կիրքերը, սակայն որեւէ քայլի չդիմեց», – յայտարարած էր Նորթըն:

Առաւել կտրուկ էր Մերիլանտէն ընտրուած դեմոկրատ, յունական ծագում ունեցող Ճոն Սարպանէսի ելոյթը, որ կոչ ըրած էր պաշտօնական Ուաշինկթընին արմատապէս վերանայիլ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները: Դեմոկրատ գոնկրեսականը համոզուած է` 16 Մայիսի միջադէպի գլխաւոր մեղաւորը Թուրքիոյ նախագահն էր:

«Միջադէպի տեսագրութիւնը կը վկայէ, որ նախագահ Էրտողանը հրահանգած է յարձակիլ ցուցարարներու վրայ եւ յետագային ալ սառնասրտօրէն դիտած էր, թէ ինչպէս իր թիկնապահները կը կատարէին այդ հրահանգը: Եկէք մենք մեզ մէկ հարց ուղղենք՝ ի՞նչ տեսակի առաջնորդ պէտք է ըլլաս, որպէսզի ամերիկեան նախագահի հրաւէրով պաշտօնական այցով ժամանելով Միացեալ Նահանգներ` նման դատապարտելի պահուածք ցուցաբերես: Ի՞նչ տեսակի ղեկավար պէտք է ըլլալ մարդու իրաւունքներու ու քաղաքացիական ազատութիւններու պաշտպանութեան ամերիկեան կողմի նուիրուածութեան հանդէպ նման արհամարհական վերաբերմունք ցուցաբերելու համար», – յայտարարած էր գոնկրեսականը՝ չմոռնալով նաեւ Թուրքիոյ` հարեւաններու հանդէպ վարած քաղաքականութեան մասին:

«Խաղաղ ցուցարարներու դէմ իրականացուած յարձակումը բացայայտեց Էրտողանի բռնի էութիւնը: Ամերիկացիներու համար այն բաւական ուսանելի պահ մը դարձաւ, որ կ’արտացոլէր պաշտօնական Թուրքիոյ իրական դէմքը: Տեղի ունեցածը բացայայտեց այն բոլոր ազդակները, որոնք ի վերջոյ յանգեցուցին Կիպրոսի դէմ անօրինական յարձակմանն ու անոր [մէկ մասի] գրաւումին, Հայոց ցեղասպանութեան եւ քիւրտ ժողովուրդի հանդէպ կիրառուող բռնութիւններուն», – յայտարարած էր Ճոն Սարպանէսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment