Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արտախորհրդարանական Գործունէութիւն Անպայման կը Ծաւալենք. Սէյրան Օհանեան

Արտախորհրդարանական Գործունէութիւն Անպայման կը Ծաւալենք. Սէյրան Օհանեան

by MassisPost

Մենք պէտք է միշտ գործենք յանուն գաղափարի, պիտի մնամ քաղաքականութեան մէջ: «Ազատութիւն» ռատիօկայանի եթերին այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է «ՕՐՕ» դաշինքի անդամ, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը:

«Եթէ դառնանք եւ վերլուծենք այն ճանապարհը, որ 25 տարուայ ընթացքում անցել ենք, կը տեսնենք, որ բազմաթիւ թերութիւններ են եղել: Մենք` գոնէ ես, ցանկացած միջոցառում իրականացնելիս, յենուել եմ դրականի վրայ, գործել եմ յանունի սկզբունքով»,- նշած է Սէյրան Օհանեանը:

Ան վստահեցուցած է, որ իրենք ամէն ինչ պէտք է ընեն, որ անցեալի թոյլ տուած թերութիւնները շտկեն:

«Մեզ համար հասկանալի է, որ խորհրդարանն իր մէջ չի պարունակում մեր հասարակութեան բոլոր խաւերի տեսակէտները, շահերն արտայայտող ուժերը, դրա համար արտախորհրդարանական գործունէութիւն, իհարկէ, անհրաժեշտ է»,-ըսած է «ՕՐՕ» դաշինքի անդամը:

Ան հաւաստիացուցած է, որ իր բոլոր հնարաւորութիւնները պիտի ներդնէ՝ ծառայելու ժողովուրդին, հայրենիքին, Արցախին:

Անդրադառնալով «ՕՐՕ»-ի յետագայ գործունէութեան՝ Սէյրան Օհանեանը տեղեկացուցած է, որ քննարկումներ կ’ըլլան քաղաքական կուսակցութիւններու, դաշինքի եւ հասարակական կազմակերպութիւններու միջեւ:

«Գործելու ձեւաչափը, մեթոտները, սկզբունքներն ինքներս կ’որոշենք, կը յայտնենք: Տարբեր կուսակցական միջոցառումներ ենք փլանաւորում: Արտախորհրդարանական գործունէութիւն կը ծաւալենք անպայման, որը լինելու է Հայաստանում գործող օրինական դրոյթների շրջանակում»,- պատմած է զօրավար Օհանեանը:

ԱՆ անդրադարձած է նաեւ շրջանառուող այն խօսակցութիւններուն, թէ ինքը  Հայաստանէն գացած է, իրեն աշխատանքի նշանակած են: Օհանեան հերքած է այս տեղեկութիւնները ու նշած, որ իրեն համար անընդունելի են անոնք:

«Այս ժամանակահատուածում ես Հայաստանում եմ եղել, մի քանի օրով եմ դուրս եկել Հայաստանից: Ես 38 տարի ծառայել եմ իմ հայրենիքին, այստեղ եմ անցկացրել իմ կեանքը եւ շարունակելու եմ իմ գործունէութիւնն իմ հայրենիքում: Մեթոտները, ձեւերը, սկզբունքները որոշելուց յետոյ կը ներկայացնեմ հանրութեանը»,-եզրափակած է Սէյրան Օհանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment