Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր կոչ կ’ընէ «չքաղաքականացնել» Ալիեւի վարչակազմի հասցէին քննադատական յօդուածներով յայտնի լրագրողի ձերբակալութիւնը:
«Մենք կը կարծենք, որ ճիշդ չէ այդ հարցը քաղաքականացնելու փորձերը: Խնդիրը բացառապէս իրաւական հարթութեան վրայ է, եւ այն շրջանակները, որոնք միտումնաւոր կը քաղաքականացնեն հարցը՝ փորձելով վնասել ատրպէյճանա-վրացական յարաբերութիւնները, երբեք իրենց նպատակին պիտի չհասնին»,- մասնաւորապէս, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմէթ ՀաՃիեւը, ընդգծելով՝ Ատրպէյճանին ու Վրաստանին կը միաւորեն աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ ռազմավարական գործընկերութիւնը, որ հիմնուած է համատեղ հետաքրքրութիւններու, փոխշահաւէտ համագործակցութեան ու յարգանքի վրայ:
29 Մայիսին Թիֆլիսի մէջ առեւանգուած, յետագային Պաքուի բանտին մէջ յայտնուած ատրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրող Աֆղան Մուխթարլիին ազատ արձակելու կոչերուն միացած են նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը: ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Մուխթարլիի ձերբակալութեան կապակցութեամբ:
«Կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններուն համապատասխան, ազատ արձակել բոլոր անոնց, որոնք ազատազրկուած են իրենց հիմնարար ազատութիւններէն օգտուելու պատճառով»,- մասնաւորապէս, յայտարարած է Պետական քարտուղարութիւնը, յատուկ շեշտելով՝ ուշադիր կը հետեւին առեւանգման հետաքննութեան ու կոչ կ’ընեն, որ այն ըլլայ ամբողջական, թափանցիկ եւ ժամանակին:
Նոյնաբովանդակ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ պաշտօնական Պրիւքսէլը: «Ատրպէյճանի կողմէ հիմնարար իրաւունքներու, այդ շարքին խօսքի ազատութեան իրացման սահմանափակումներու վերանայումը եւ անոնց հետեւանքով բոլոր ներգրաւուած անձերու ազատ արձակումը հրատապ հարց է՝ համաձայն Ատրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն»,- ըսած է Եւրոմիութեան դիւանագիտական մարմնի խօսնակ Մայա Քոսիյանիչը՝ պահանջելով «արագ, մանրամասն ու թափանցիկ» հետաքննութիւն:
Մինչդեռ, անգամ այս յայտարարութիւններու ծիրին մէջ բանտի մէջ գտնուող լրագրողի պաշտպանը այսօր ահազանգած է, որ ատրպէյճանցի իրաւապահները իրեն արգիլած են տեսակցիլ պաշտպանեալին հետ: Փաստաբան Էլչին Սատիկովը կասկածներ ունի, որ կալանաւորուած լրագրողի նկատմամբ ապօրինի գործողութիւններ կ’իրականացուին, «այդ պատճառով ալ քրէական հիմնարկի մէջ կ’արգիլեն տեսակցութիւնը»:
Մաքսանենգութեան, օրինազանցութեան ու իրաւապահներուն դիմադրութիւն ցոյց տալու մէջ մեղադրուող Աֆղան Մուխթարլին յայտնի է իր հետաքննական գործունէութեամբ: Ատրպէյճանական անկախ աղբիւրները նշած են, որ ան հարեւան Վրաստան տեղափոխուած էր 2015 թուականին՝ Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու նկատմամբ համատարած ճնշումներու պատճառով: