Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արամ Սարգսեան «Որեւէ Մէկը Թող Չսպասէ, Թէ «Ելք»-ը Կրնայ Փլուզուիլ»

Արամ Սարգսեան «Որեւէ Մէկը Թող Չսպասէ, Թէ «Ելք»-ը Կրնայ Փլուզուիլ»

by MassisPost

Վերջին ժամանակներուն քաղաքականութենէն կը խօսի միայն «Ելք» դաշինքը, մենք ենք միայն քաղաքական խնդիրներ դնողը: «Ազատութիւն» ռատիօկայանի եթերի «Կիրակնօրեայ վերլուծական Թամրազեանի հետ» հաղորդման նման յայտարարութիւն ըրած է «Ելք» դաշինքի պատգամաւոր Արամ Սարգսեանը:

ԱՆ նշած է, որ իրենցմէ բացի քաղաքականութեան մասին կը խօսի նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն 1-2 մարդ՝ ԱԺ փոխխօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը եւ պատգամաւոր Արփինէ Յովհաննիսեանը: Անոր համար հանրութեան հաւատքը ԱԺ-ի՝ ներառեալ ընդդիմադիրներու հանդէպ, մեծ չէ:

«Մեզ վրայ դրուած պարտականութիւնը կրկնակի մեծ է: Մենք կրկնակի պիտի աշխատենք, որ հանրութեան հետաքրքրութիւնը բարձրացնենք: Պէտք է այնպէս անենք, որ կարողանանք գործող իշխանութեանը ստիպել լսել մեր տեսակէտները: Եթէ մեր տեսակէտները հանրութիւնը լսում է, իշխանութիւնը ստիպուած է լինելու լսել»,-ըսած է ԱԺ պատգամաւորը:

Անոր խօսքով՝ ժողովուրդը կը մտածէ՝ մարդիկ եկած են խորհրդարան, «խելոք-խելոք» օրէնքներ ընդունած են, չարչարուած են, ըսած են, որ աշխատավարձը քիչ է, բայց կեանքը չէ փոխուած:

«Պատճառն այն չէ միայն, որ այդ օրէնքներն ինչ-որ մարդկանց շահեր սպասարկելու համար են եղել, եղել են շատ օրէնքներ, որոնք լաւն են: Պատճառն այն է, որ այդ օրէնքները չեն կիրառւում, չեն լսւում, չեն գործում բոլորի համար»,-տեսակէտ յայտնած է «Ելք»-ի պատգամաւորը:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ հնարաւո՞ր է՝ «Ելք»-ը նոյնպէս տարակարծութիւններու պատճառով փլուզուի, պատգամաւորը պատասխանած է. «Երբ ձեւաւորւում էր «Ելք» դաշինքը, մենք հիմնականում ապագային միտուած բոլոր այդ հարցերը, տարաձայնութիւններն ամիսուկէս քննարկել ենք: Ստորագրել ենք մի փաստաթուղթ, որը բոլոր հարցերի վերջնական պատասխանն ունի»:

Արամ Սարգսեանը վստահեցուցած է, որ որեւէ մէկը թող չսպասէ, թէ «Ելք»-ը կրնայ փլուզուիլ, որովհետեւ թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանը, թէ՛ ինքը անցած են փլուզուող դաշինքներով, տեսած են այդտեղի խնդիրները:

«Դաշինք փոխելն այնքան էլ լաւ գիծ չէ կենսագրութեան մէջ, մանաւանդ իմ տարիքում դա կրկնելն այնքան էլ լաւ բան չի լինի, դրա համար մենք ապագայի հետ կապուած ցանկացած նրբերանգ մեր մէջ ճշդել ենք»,-ըսած է պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment