Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղը Համաձայն Չեն Նոր Պատերազմի Հաւանականութեան Մասին ICG-ի Զեկոյցին Հետ

Ղարաբաղը Համաձայն Չեն Նոր Պատերազմի Հաւանականութեան Մասին ICG-ի Զեկոյցին Հետ

by MassisPost

Հակառակ շփման գիծին աճող լարուածութեան՝ պաշտօնական Ստեփանակերտը համաձայն չէ նոր պատերազմի հնարաւորութեան մասին Միջազգային ճգնաժամային խումբի (ICG) փորձագէտներու եզրակացութեան հետ։

Ռազմական հակամարտութիւններու վերլուծութեամբ զբաղուող միջազգային այս կազմակերպութիւնը երէկ շուրջ 40 էջանի զեկոյց հրապարակած է` եզրակացնելով՝ «Լեռնային Ղարաբաղի գլխին պատերազմի ամպեր են կուտակւում»:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ զեկոյցը, իրենց կարծիքով, միակողմանի է եւ կ’արտայայտէ միայն փորձագէտներու կարծիքը։

«Չնայած պատերազմը միշտ կարող է լինել, հաւանականութիւնը քիչ է, որովհետեւ որպէսզի, օրինակ, սկսուի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, Ատրպէյճանը պատրաստուել է 22 տարի, այն էլ՝ պատրաստուել է բլից-կռիգի (կարճաժամկէտ  եւ նպատակային    պատերազմ): Հիմա մէկ տարի է անցել․ այդքան կորուստներից յետոյ, նամանաւանդ՝ միջազգային հանրութեան յստակ դիրքորոշման ներքոյ, չի կարող հնարաւոր լինել եւս մէկ պատերազմ՝ հիմա», – մեկնաբանած է Բաբայեանը:

Բաբայեանը շեշտած է, որ ICG-ն 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմը չէր կանխատեսած։

«Այն չի արտացոլում իրականութիւնը: Օրինակ՝ նշուած չէ ինչն է եղել ապրիլեան պատերազմի պատճառը, նշուած չէ Ատրպէյճանի ավերիչ քաղաքականութիւնը, նշուած չէ վերջին յայտարարութիւնը համանախագահներու, որոնք մեղադրել են Ատրպէյճանին», – փաստած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալը:

Իրական վտանգ՝ ամարան վերջին

Միջազգային կազմակերպութեան փորձագէտները իրենց զեկոյցը պատրաստելու ժամանակ զրուցած են նաեւ Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռիչըրտ Կիրակոսեանի հետ։ Վերջինս «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ նոր պատերազմը իր կարծիքով, աւելի քան հնարաւոր է։

«Ապրիլեան յարձակումը հանրութեան ուշադրութիւնը շատ արդիւնաւէտ շեղեց Ատրպէյճանի ներքին խնդիրներից եւ յատկապէս Ատրպէյճանի իշխանութիւնների համար, բազմաթիւ տեսանկիւններից, շատ գայթակղիչ է կրկին փորձել դա անել», – նշած է ան:

Վերլուծելով իրավիճակը՝ Կիրակոսեան կարծիք յայտնած է, որ քանի մը ամիսէն Ատրպէյճանի համար պատերազմը սկսելու ամենանպաստաւոր ժամանակը կ’ըլլայ։

«Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի հաշուարկն էր՝ սպասել Հայաստանում խորհրդարանական ընտրութիւնների աւարտին, ինչից յետոյ իրենք Պաքւում անցկացնում են Իսլամական օլիմփիական խաղերը, Ֆորմուլա 1-ի մրցաշարը», – նշած է փորձագէտը՝ եզրակացնելով․ – «Սա նշանակում է, որ փոթենցիալ յարձակումը յառաջիկայ շաբաթներին ու ամիսներին հաւանական չէ, սակայն ամրան վերջին եւ աշնանը շատ իրական վտանգ կայ»:

Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավարի կարծիքով, այս զեկոյցը չկրցաւ ցոյց տալ, որ իրականութեան մէջ Հայաստանը իր հարեւաններու համար վտանգ չի ներկայացներ եւ նոր պատերազմի վտանգը կու գայ Ատրպէյճանէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment