Տիարպէքիրի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան» պատգամաւոր Օսման Պայտէմիրին, կը փոխանցէ «Reuters» գործակալութիւնը:
Պայտէմիր կը կասկածուի պաշտօնեական լիազօրութիւնները չարաշահելու, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներ վիրաւորելու մէջ:
Քրտամէտ այդ կուսակցութեան 11 պատգամաւորները՝ այդ շարքին ընդդիմադիր ուժի առաջնորդներ՝ Սալահէլտին Տեմիրթաշը, Ֆիկըն Եուքսէքտաղը ճաղերու ետեւ են տարբեր մեղադրանքներով:
Օսման Պայտէմիրը Տիարպէքիրի քաղաքապետ եղած ժամանակ մի քանի անգամ ներողութիւն խնդրած է Հայոց ցեղասպանութեան համար: Ան յայտնի է նաև Տիարպէքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիի վերանորոգման գործին մէջ ունեցած մեծ աջակցութեան համար։
Պայտէմիրրը 2014 թուականին մեկնած է Հայաստան, այցելած Ծիծեռնակաբերդ ու ծաղիկներ զետեղելով խոնարհած անմար կրակի մօտ: