Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միջազգային Ճգնաժամային Խումբի Զեկոյց – «Լեռնային Ղարաբաղում Կուտակում են Պատերազմական Ամպերը»

Միջազգային Ճգնաժամային Խումբի Զեկոյց – «Լեռնային Ղարաբաղում Կուտակում են Պատերազմական Ամպերը»

by MassisPost

Եւրոպական «Ճգնաժամային խումբ» հետազօտական կազմակերպութիւնը զեկոյց  հրապարակած է ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ՝ իրական համարելով Ղարաբաղի մէջ լայնամաշտապ հակամարտութեան վերսկսումը:

«Լեռնային Ղարաբաղում կուտակուող պատերազմական ամպերը» վերնագրով զեկոյցին մէջ նշուած է, որ 2016 թուականի ապրիլին թեժացումէն ետք Հայաստանն ու Ատրպէյճանը աւելի քան երբեւէ մօտ են պատերազմին: 2016 թուականի ապրիլի թեժացման պատճառ հանդիսացած քաղաքական ու անվտանգային պայմանները աւելի ցայտուն դարձած են:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ 2017 թուականի յունուարէն ծանր հրետանիի եւ հակաթանկային զինատեսակներու կիրառմամբ մահացու միջադէպերը յաճախակի դարձած են: ՃԽ հետազօտողները նշած են, որ բանակցային գործընթացը արգելակուած է, եւ ուժի կիրառումը աւելի գայթակղիչ դարձած է առնուազն մարտավարական նպատակներով: Այսօր երկու կողմն ալ կարծես թէ պատրաստ են առճակատման: Լարուածութիւնը, ըստ ՃԽ-ի, կրնայ լայնամաշտապ հակամարտութեան վերածուիլ եւ ստիպել տարածաշրջանային գլխաւոր խաղցողներուն միջամտել: Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Ռուսաստանը, Ֆրանսան ու ԱՄՆ-ն պէտք է մէկ կողմ դնեն տարաձայնութիւնները եւ ճնշում գործադրեն հակամարտութեան կողմերու վրայ հակամարտութեան վերսկսումը թոյլ չտալու համար:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ վերջին 1 տարուան ընթացքին Ատրպէյճանը աւելի հաստատակամ առաջ կը տանի իր քաղաքականութիւնը՝ փորձելով սահմանափակել միջազգային դերակատարներու ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սահմանափակել տնտեսական աշխուժութիւնը եւ օտարերկրացիներու այցերը ԼՂ: Իր հերթին Հայաստանը կը խոստանայ համարժէք պատասխան տալ: Հայաստանի մէջ մեկնարկած է «ազգ-բանակ» ծրագիրը, որ կը զօրացնէ պատերազմական հռետորաբանութիւնը եւ հասարակութեան ռազմականացուածութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղն ալ յայտարարած է, որ եթէ յարձակման ենթարկուի, պատրաստ է առաջ շարժիլ դէպի Ատրպէյճանի խիտ բնակեցուած տարածքներ:

Ճգնաժամային խումբի հետազօտողները կը կարծեն, որ միջնորդները պէտք է վերականգնեն կանոնաւոր հաղորդակցութիւնը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ եւ պնդեն, որ Երեւանն ու Պաքուն մեղմացնեն իրենց դիրքորոշումները: Ըստ ՃԽ-ի՝ դիւանագիտական կաթուածը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ ու թանկ արժել, իսկ արդիւնաւէտ միջնորդութեան ժամանակը կ’աւարտի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment