Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Ազնաւուր Հիմնադրամին Պաշտօնապէս Փոխանցուած է Երգիչին Տուն-Թանգարանը

Ազնաւուր Հիմնադրամին Պաշտօնապէս Փոխանցուած է Երգիչին Տուն-Թանգարանը

by MassisPost

Երեւանի մէջ հիմնուող Շառլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը պիտի ըլլայ աշխարհի մէջ առաջինը, ուր  Ազնաւուր անձամբ պիտի պատմէ իր կեանքի մասին․ լսողական վարիչի համար պատրաստուած գրութիւնն ու ձայնագրութիւնը Շառլ Ազնաւուրի կողմէ եղած է: Գասգատի մէջ՝ Շառլ Ազնաւուրի կացարանին մօտ, այս յայտարարութիւնը ըրած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի տնօրէն Քրիսթինա Սարգիսեանը:

«Յայտնուելով թանգարանում՝ Դուք կարող էք նրանից լսել նրա կեանքի պատմութիւնը, տեսնել տեսանիւթեր եւ անգամ նրա համերգը 3D ձեւաչափով»,- նշած է ան, աւելցնելով, որ Շառլ Ազնաւուրի թանգարանը պիտի ըլլայ առաջին  արդիական թանգարանը Հայաստանի մէջ, ուր  պիտի կազմակերպուին նաեւ մշակութային միջոցառումներ:

Յիշեցնենք, որ այսօր աշխարհահռչակ   մեկնաբան  Շառլ Ազնաւուրը որդիի՝ Նիքոլա Ազնաւուրի հետ, յայտարարած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի ստեղծման մասին, որու նպատակն է մաեսթրոյի ստեղծած ժառանգութեան պահպանութիւնն ու հանրայնացումը, ինչպէս նաեւ՝ կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրներու մշակումն ու իրականացումը։

Երգիչի՝ Գասգատի հարեւանութեամբ գտնուող կեցավայրին մէջ, տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն, որու ժամանակ պետութեան կողմէ «Ազնաւուր» հիմնադրամին պաշտօնապէս փոխանցուած են Ազնաւուրի կեցավայր-թանգարանի բանալիները:

«Ազնաւուր» հիմնադրամի տնօրէն Քրիսթինա Սարգիսեանը նշած է՝ թանգարանը բանալու նպատակն է աշխարհի բոլոր հայերու համար շատ կարեւոր մարդու՝ Շառլ Ազնաւուրի կեանքը ներկայացնելը, ցոյց տալ,  թէ ինչպէս է ան յաջողութեան հասած է: «Ներկայացուելու է, թէ ինչպէս հինգ հոգանոց ընտանիքում՝ 20 քառակուսի մեթր տարածքում ապրող Ազնաւուրը յաջողութեան հասաւ, որպէսզի  նրա կերպարը ստիպի եւ օգնի մարդկանց, որ երազեն եւ մեծ նպատակներ ունենան: Շառլ Ազնաւուրի կեանքը շատ իւրայատուկ է, եւ թւում է, թէ անիրականանալի է, ինչպէս հեքիաթը: Բայց այն իրական է՝ աշխատանքի, քրտինքի շնորհիւ: Այսօր էլ Շառլ Ազնաւուրն աշխատում է այնպէս, ինչպէս ոչ ոք»,- ըսած է ան:

Պատասխանելով հարցին, թէ ինչու որոշուած է Ազնաւուրի թանգարանը Երեւանի մէջ բանալ՝ Քրիսթինա Սարգիսեանը նշած է, որ աշխարհահռչակ մշտապէս ապացուցած է իր հաւատարմութիւնը իր ազգի նկատմամբ եւ դեռ 1988 թուականի երկրաշարժէն ետք բազմաթիւ  նախագիծեր իրականացուցած է Հայաստանին օգնելու համար:

Քրիսթինա Սարգիսեանի խօսքով՝ թանգարանի  բացումը իրենք կը նախատեսեն 2018 թուականին, աւելի ստոյգ բացման ժամանակահատուածը չէ կրցած նշել, քանի որ, ըստ անոր, այնտեղ այնպիսի թեխնոլոկիաներ պիտի օգտագործուին, որոնք Հայաստանի մէջ նորութիւն կը համարուին:

Ան յատկանշական համարած է այն, որ պետութիւնը որոշած է երգիչի կեցավայրը տրամադրել «Ազնաւուր» հիմնադրամին, ինչի արդիւնքով ալ Շառլ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը, որոշած է թանգարանին տրամադրել հայրիկի անձնական իրերը՝ առաջին դաշնամուրը, ոսկէ սկաւառակները, Էտիթ Փիաֆի  ինքնատիպ-բնատիպ սկաւառակները եւ այլն:

Թանգարանի մէջ ներկայացուելիքի մասին Քրիսթինա Սարգիսեանը չէ մանրամասնած, պատմած է, որ  արդիական լուծումներով սենեակներով պիտի փորձեն ներկայացնել Շառլ Ազնաւուրի կեանքի կարեւոր դրուագները, օրինակ՝ պիտի կառուցուի երգիչի առաջին  20 քառակուսի մեթրնոց բնակարանը, որ ան անձամբ նկարած է:

«Առաջին սենեակը լինելու է աւազով անիմացիա: Աւազը սիմպոլիք է եւ ներկայացնելու է ընտանիքը, որը, ինչպէս շատ հայեր,  փախել է Կոնստանդնուպոլսից: Աւազն ընտրել ենք նրա համար, քանի որ շատ հայեր Ցեղասպանութեան ժամանակ մահացել են Տէր Զօրի անապատներում»,- պատմած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment