Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիան Դէմ է 2018-ին ՆԱԹՕ-ի Գագաթնաժողովը Թուրքիոյ Մէջ Իրականացնելուն

Գերմանիան Դէմ է 2018-ին ՆԱԹՕ-ի Գագաթնաժողովը Թուրքիոյ Մէջ Իրականացնելուն

by MassisPost

ՆԱԹՕ-ի անդամ քանի մը երկիրներ՝ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Դանիոյ գլխաւորութեամբ, կտրականապէս դէմ արտայայտուած են 2018 թուականին դաշինքի գագաթնաժողովը Թուրքիոյ մէջ իրականացնելուն։ «ԹԱՍՍ»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին հաղորդած է «Die Welt»-ը։

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ 2016 թուականի յուլիսին Վարշաւայի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան առաջարկած է յաջորդ երկու տարիներուն 28 անդամ-պետութիւններու հանդիպումները Պոլսոյ մէջ իրականացնել։ Հակառակ որ այդ հարցի շուրջ պաշտօնական որոշում չէ կայացուած, ենթադրուած է, թէ հրաւէրը ընդունուած է։ Սակայն այժմ, ըստ «Die Welt»-ի, ամէն ինչ կտրուկ պիտի փոխուի։

«Մենք չենք ուզեր, որ տպաւորութիւն ստեղծուի, թէ ՆԱԹՕ-ն կը սատարէ թրքական կառավարութեան ներքին քաղաքականութիւնը»,- պարբերականը մէջբերած է իրադրութեան ծանօթ պաշտօնեայի խօսքը։ Նշուած երկիրները յաջորդ տարի Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում պիտի կազմակերպեն. Պելճիքան գագաթնաժողովը իր տարածքին մէջ իրականացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է։

Պարբերականը աւելցուցած է, որ հարցի շուրջ պաշտօնական որոշումը, ամենայն հաւանականութեամբ, յայտնի պիտի դառնայ յունիսին՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպման ժամանակ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment