Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարի Թաղեցիներու Հարազատները Արդարութիւն կը Պահանջեն

Սարի Թաղեցիներու Հարազատները Արդարութիւն կը Պահանջեն

by MassisPost

Անցեալ ամառուընէ կալանաւորուած 10 սարի թաղեցիներու հարազատները երէկ հերթական անգամ պաստառներով փողոց դուրս եկած էին, խօստովանելով` արդէն հաշիւը կորսնցուցած են, թէ վերջին մէկ տարուայ ընթացքին քանի բողոքի ցոյց ըրած են:

«Ես չգիտեմ` մենք բողոքում ենք ամէն տեղ, ամէն տեղ մեզ խօսք են տալիս, որ կը վերանայեն, որ ինչ-որ մի բան կը լինի, բայց դրանից ոչ մի փոփոխութիւն մեր տղաների գործի մէջ չի նկատւում», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է կալանաւորուած Յարութիւն Թորոսեանի մայրը` Նազիկ Թորոսեանը:

Յիշեցնենք, անցած ամրան, երբ իրենց «Սասնայ ծռեր» անուանող զինուած խումբի անդամները գրաւեցին ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդը եւ իրաւապահները գունդի տարածքի շուրջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու նպատակով արգելափակեցին մուտքը Երեւանի շարք մը փողոցներ, Սարի թաղի զգալի մէկ մասը յայտնուեցաւ շրջափակման մէջ: Ընդ որում, այդ օրերուն որոշ ժամանակով անջատուած էր նաեւ թաղամասի ջրամատակարարումը, կազամատակարարումը, հեռախօսակապը: Այս զարգացումներու ֆոնին  19 Յուլիսին Սարի թաղի մէջ բախում տեղի ունեցաւ ոստիկաններու ու քաղաքացիներու միջեւ, որմէ ետք 10 սարիթաղցիներ կալանաւորուեցան զանգուածային անկարգութիւններու մասնակցելու եւ ոստիկանի նկատմամբ բռնութիւն կիրառելու մեղադրանքներով: Մեղադրանքը հաստատուելու պարագային անոնց կը սպառնայ 5-10 տարուան ազատազրկում:

Երէկուան բողոքի ցոյցի մասնակիցները կը պնդէին` իրենց որդիներն ու ամուսինները բողոքի ցոյցի դուրս եկած էին` պահանջելով վերականգնել կաթուածահար եղած թաղամասի կազի, հոսանքի, ջուրի մատակարարումը եւ հանրային փոխադրութեան միջոցներու գործը: Մեղադրող կողմի պնդմամբ, սակայն, ցոյցը խաղաղ նպատակներ չէ ունեցած եւ ուղեկցուած է ոստիկաններու նկատմամբ ծանր բռնութեամբ:

Սարի թաղեցիներու հարազատները կը պնդեն՝ ընկերային պահանջներով բողոքի դուրս եկած քաղաքացիներուն նման ծանր մեղադրանքներ առաջադրելը անարդար է:

«Հենց միայն նրա համար, որ նրանք կարողացել են ըմբոստանալ եւ պահանջներ ներկայացնել Կառավարութեանը՝ նրանց դէմ նման յօդուած են դրել», – ըսած է Նազիկ Թորոսեանը: – «Ոստիկանները կրակել են օդ, եւ բնականաբար այդ վիճակում մարդիկ վախեցած են՝ դիմում են ինքնապաշտպանութեան: Նա մի քար նետել է, բայց մենք փորձաքննութեամբ ստուգել ենք՝ այդ քարը ոչ մի վնաս չի հասցրել ոչ մէկին», – պնդած է ան:

Սարի թաղի միջադէպի գործով հերթական դատական նիստը պիտի կայանայ այսօր: Սարի թաղի գործով անցնող Էտուարտ Զէյթունեանի կինը՝ Լալա Բերնեցեանի խօսքով, նիստերը կ’անցնին զաւեշտալի մթնոլորտի մէջ` սարի թաղեցիներու դէմ ցուցմունք տուած ոստիկանները չեն ճանչնար մեղադրեալներուն:

«Տուժող ոստիկանը ամբաստանեալներին չի ճանաչում, վկայ ոստիկանը ընդհանրապէս վերեւում յայտարարում է մեր փաստաբանին, որ քննիչն է ստիպել, որ ցուցմունք է գրել», – պատմած է Բերնեցեանը՝ դժգոհելով․ – «Ախր, եթէ դուք չունէք հիմքեր, ինչի՞ հիման վրայ էք տղաներին 11 ամիս կալանաւորել, մեղք չե՞ն էդ ընտանիքները»:

Բերնեցեանը պնդած է՝ ամուսինը ոչ միայն բռնութիւն չէ գործադրած իրաւապահներու նկատմամբ, այլեւ աւելին՝ ինքը լուրջ վնասուածքներ ստացած է։

Ինչպէս Սարի թաղի բնակիչներէն շատերը, այդպէս ալ Լալա Բերնեցեանը բողոքի ցոյցի կու գայ երեխային հետ, որուն ստիպուած է առանձին խնամել, թէեւ գործազուրկ է։

«Էսօր ինչո՞ւ պիտի 7 տարեկան երեխան գայ՝ իր պապային պահանջի: Ինքը պիտի էսօր խաղար դրսում: Իրա պապան էլ պիտի աշխատէր, որ իրեն կարողանար ապահովեր», – ըսած է ան:

Կալանաւորուածներու հարազատներն ու երեխաները երէկ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն գացին դէպի դատախազութիւն, ապա Արտաքին գործոց նախարարութիւն. արդարադատութեան պահանջով արդէն տասնեակ դուռեր թակած սարի թաղեցիները յոյս ունէին այնտեղ հանդիպիլ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուրին, որ արտաքին գործոց նախարարութիւն չեկաւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment